
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «1915 թուականի իրադարձութիւններ»ուն վերաբերեալ յայտարարութիւնը, որ անցեալ շաբաթ հրապարակուեցաւ ինը լեզուներով, քարոզչական հսկայ ձեռքբերում էր Թուրքիոյ համար եւ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Ուղերձը այնքան հմտօրէն ձեւակերպուած էր, որ մոլորութեան մէջ ձգեց միջազգային հանրութեան շատ մը ներկայացուցիչներ, ցաւօք, նաեւ որոշ հայեր, որոնք հաւատացին, թէ ան կը մօտենայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կամ, առնուազն, «պատմական» քայլ կը կատարէ այդ ուղղութեամբ:
Իրականութեան մէջ, Էրտողանի յայտարարութիւնը ուրիչ բան չէր, եթէ ոչ վերաձեւակերպուած ժխտում կամ «հին գինին՝ նոր շիշի մէջ»: æանադրաբար խուսափելով Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրէն, ան փոխ առած էր արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի «ընդհանուր ցաւի» եւ «արդար յիշողութեան» խաբուսիկ եզրը, բառեր, որոնք կը թուին հաշտուողական, սակայն, ըստ էութեան, մարդասպանները կը հաւասարեցնեն զոհերուն: Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին մահացած միլիոնաւոր թուրքերու եւ այլոց վկայակոչումը Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ վիրաւորանք է Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին եւս միլիոնաւոր գերմանացիներ զոհուած են, սակայն ոչ մէկ գիտակից եւ բարեխիղճ մարդու միտքով կ՛անցնի անոնց մահը հաւասարեցնել վեց միլիոն հրեաներու բնաջնջման…
Էրտողանի կոչը՝ «1915 թուականի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու նպատակով պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով» ստեղծելուն վերաբերեալ, եւս մէկ մաշած եւ հարցը յետաձգելու խորամանկ մարտավարութիւն է: Եթէ թրքական իշխանութիւնները անկեղծօրէն կ՛ուզեն գիտնալ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը, անոնց կը մնայ միայն վերանայիլ իրենց սեփական արխիւներուն մէջ առկայ հսկայածաւալ փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պատմաբաններու եւ ցեղասպանագէտներու կատարած հետազօտութիւնները ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ինչո՞ւ թրքական կառավարութիւնը գրեթէ 100 տարի անց նոր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ այս թեմայի ուսումնասիրման շուրջ: Ինչո՞ւ ամենազգայուն օսմանեան արխիւները դեռ գաղտնի կը պահուին, չխօսելով միւսներուն մասին, որոնք շատոնց արդէն ոչնչացուած են:
Տարիներ շարունակ բազմիցս գրած եմ, որ.
1. Չնայած թրքական ժխտումներուն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած փաստ է, եւ կարիք չկայ սպասելու նախագահ Օպամայի, վարչապետ Էրտողանի կամ ուրիշի մը կողմէ անոր ընդունման:
2. Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի կրնար ուղղել այն անարդարութիւնները, որոնց պատճառով արմատախիլ եղաւ եւ կոտորուեցաւ ամբողջ ժողովուրդ մը: Աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ արդարութեան հասնիլ դատական ատեաններու միջոցով, պահանջելով նիւթական փոխհատուցում եւ հայկական տարածքներու վերադարձ:
3. Թուրքիոյ «հաշտեցման» առաջարկը ուրիչ բան չէ, եթէ ոչ չարամիտ հնարք թաղելու անցեալը անիմաստ ճանաչումով եւ մակերեսային ներողամտութեան հայցով: Իսկական հաշտեցման կարելի է հասնիլ միայն հայ ժողովուրդին հասցուած վիթխարի վնասները վերացնելու միջոցով:
Շատ կարեւոր է, որ հայերը զգօն ըլլան եւ չխաբուին հաշտեցման թրքական կեղծ առաջարկներով: Այժմէն մինչեւ 2015 Ապրիլ 24, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, ա՛լ աւելի ճարպիկ գովազդային հնարքներու պիտի դիմէ՝ միջազգային հանրութեան համակրանքը շահելու համար եւ նուազագոյնի հասցնելու Թուրքիոյ արդէն վարկաբեկուած հեղինակութեան ցեղասպանութեան մեղադրանքներով պատճառուող վնասները:
Նման թրքական ծրագիր մըն է Տաւութօղլուի լկտի յայտարարութիւնը, թէ Հայկական Սփիւռքը նաեւ Թուրքիոյ Սփիւռքն է… Թրքական մամուլին մէջ լուրեր հրապարակուեցան, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը քաղաքացիութիւն կ՛ուզէ շնորհել նախկին օսմանեան հպատակներու ժառանգորդներուն, ներառեալ՝ հայերուն: Զարմանալի է, որ որոշ միամիտ հայեր մոլորութեան մէջ ինկան կարծելով, որ ասիկա դրական քայլ մըն է… Պարզապէս պահ մը պատկերացուցէք դուք ձեզ բնակութիւն հաստատած Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ որեւէ քաղաքի մը մէջ իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի եւ ձեր որդիները զօրակոչուած բանակ՝ «պաշտպանելու թրքական պետութիւնը» եւ մասնակցելու Քեսապի կամ Հալէպի կամ անգամ Հայաստանի վրայ յարձակման… Իսկ ի՞նչ պիտի ըսէք Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 301րդ յօդուածով բանտարկուելու մասին, որովհետեւ անզգուշօրէն զրուցած էք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ձեր թուրք հարեւաններէն մէկուն հետ…
2014 Ապրիլ 23ի Էրտողանի յայտարարութեան իսկական նպատակն է խոչընդոտել արդարութեան հասնելու հայերու համաշխարհային ջանքերը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին:
Այն փաստը, որ ԱՄՆ պետական բաժանմունքը եւ եւրոպական որոշ պաշտօնեաներ դրական գնահատական տուած են Էրտողանի յայտարարութեան, կը վկայէ, որ ասիկա համակարգուած փորձ էր քօղարկելու Օպամայի վարչակարգի եւ եւրոպական երկիրներու համար, ձեռնպահ մնալու ցեղասպանութեան հարցով հայկական պահանջներէն, իբրեւ պատրուակ օգտագործելով այն, որ Թուրքիոյ ղեկավարները հաշտեցման գործընթացի մէջ են հայերու հետ:
Հայերը պէտք է դիմակայեն երրորդ կողմերու՝ իրենց պատմական պահանջներու հետապնդումէն հրաժարելու ճնշումներուն: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կամ Եւրոմիութեան տեսակէտները Թուրքիայէն հայկական պահանջներուն վերաբերեալ պէտք է անտեղի համարուին: Հայերը պէտք է տէր կանգնին իրենց սեփական ճակատագիրին եւ թոյլ չտան այլ պետութիւններու թելադրել, թէ ինչ բանն է ընդունելի կամ անընդունելի իրենց ազգային շահերը հետապնդելուն մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը