
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը կազմակերպեց յիշատակելի ձեռնարկ մը՝ լուսարձակի տակ առնելով տաղանդները 3-10 տարեկան փոքրիկներու, Ծաղկազարդի եւ Ս. Զատկուան առթիւ փոքրիկներու ցուցադրութեան ու ճաշի ընթացքին, որ կայացաւ Շաբաթ, Ապրիլ 12ին:
Փոքրիկները ցուցադրեցին Զատկուան իրենց տարազները «Գալայճեան» սրահի բեմին վրայ: Ձեռնարկի համաատենապետներն էին Տորիս Սարգիսեան եւ Հերմինէ Ճանոյեան: Փոքրիկները հրճուեցան հետեւելով «Magical Party Moments»ի յատուկ ելոյթին, իսկ հանրաճանաչ Թալինի եւ «Հոյ Լարի»ի երգերու տեսաժապաւէնը ցուցադրուեցաւ՝ ուշադրութիւնը իրենց հայերէն եւ անգլերէն երգերուն վրայ կեդրոնացնելով:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իւրաքանչիւր փոքրիկի յանձնեց զարդարուած մոմ մը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբին, որ սքանչելի կերպով կազմակերպած էր ձեռնարկը: Ապա անդրադարձաւ Ծաղկազարդի եւ Աւագ Շաբթուան խորհուրդին:
Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Սինտի Նորեան իր կարգին իր շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն, տպաւորիչ եւ երջանկութիւն պատճառով սոյն ձեռնարկին համար: