ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ 30 Ապրիլին հրապարակուած «Հայաստանի Հանրապետութեան սոցիալ-տնտեսական վիճակը 2014 թուականի Յունուար-Մարտին» տեղեկագիրին համաձայն՝ 2013 թուականի տարեվերջի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաշուըւած է ընդամէնը 13 մուրացկան եւ թափառաշրջիկ անչափահաս: Այս տուեալներուն հիմքը Հայաստանի ոստիկանութեան տեղեկատուութիւնն է:
Յիշեալ 13 հոգիին երկուքը աղջիկ են: 13էն 6ը կը գտնուին Երեւանի մէջ, 5ը՝ Լոռիի մարզին, որոնց մէջ են աղջիկները, իսկ մէկական հոգի՝ Կոտայքի ու Շիրակի մարզերուն մէջ: Հաշուըւած մուրացկան եւ թափառաշրջիկ անչափահասներէն 8ը մինչեւ 14 տարեկան են, 4ը՝ Երեւանի, միւս 4ը՝ Լոռիիի մէջ 14-15 տարեկան, նոյն տարիքի երկու ուրիշներ Երեւանի մէջ հաշուըւած են, մէկական անչափահասներ ալ՝ Կոտայքի ու Շիրակի մարզերուն մէջ, եւ 1 հոգին 16-18 տարեկան է ու արձանագրուած է Կոտայքի մարզին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.