
Շաբաթ, 3 Մայիսին Պոլսոյ համալսարանի Համաժողովի մշակութային կեդրոնին մէջ, «Իսթանպուլ. Սիրողական թատրոնի օրեր» անուան տակ կազմակերպուեցաւ զրոյց մը նուիրուած նշանաւոր թատերագիր եւ գրագէտ Երուանդ Օտեանին։ Այս ձեռնարկը միասնական աշխատանքն էր թուրք եւ հայ թատրոնի մասնագէտներու։ Այս զրոյցին բանախօսներն էին՝ Պոլսոյ Շեհիր համալսարանէն Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլու, Էօզեղին համալսարանէն Ֆըրաթ Կիւլլիւ եւ Մուրատ Ճանգարա։ Իսկ ընթերցումով ներկայացման բաժինին մէջ «Պէրպէրեան» խումբէն Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Պոլսոյ համալսարանի ուսանողներ։ Ձեռնարկին ներկայ էին թատերասէրներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։
Նախ հանդէս եկաւ Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլու, որ լայն գիծերու մէջ ներկայացուց Երուանդ Օտեանը, որպէս թատերագիր եւ գրագէտ։ Ան նշեց, որ ան ծնած է 1860ին, Պոլիս։ 1863ին, Հայ Ազգային Սահմանադրութեան հեղինակներէն՝ իր հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի հովանաւորութեամբ, առիթն ունեցաւ համբաւաւոր գրագէտներու միջավայրին մէջ զարգացնելու իր բնածին ընդունակութիւնները։ 24 Ապրիլ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած անիրաւ կարգադութիւններուն պատճառաւ բազմաթիւ մտաւորականներու հետ դէպի Սուրիա աքսորուեցաւ։ Դէպի մահ կատարուած այս ճամբորդութենէն հրաշքով փրկուեցաւ եւ Պոլիս վերադարձաւ։ Օսմաներէնով եւ հայերէնով բազմաթիւ գործեր արտադրեց։ 1926ին Պոլսոյ մէջ փակեց իր աչքերը։
Կենսագրական այս ծանօթութիւններէն ետք, բանախօսը ներկայացուց Երուանդ Օտեանի գործերը, ինչպէս՝ «Ընկեր Փանջունի»ն, «Չարշըլը Արթին Աղա», եւալն։
Իսկ Պօղոս Չալկըճեան ընթերցումով ներկայացուց Երուանդ Օտեանի գործերէն նմոյշներ։
Ֆըրաթ Կիւլլիւ խօսեցաւ Երուանդ Օտեանի թատերախաղերուն մասին, իսկ Մուրատ Ճանգարա լայն տեղեկութիւններ տուաւ Երուանդ Օտեանի նշանաւոր «Չարշըլը Արթին Աղա», «Ընկեր Փանջունի» եւ «Հերոսախաղ» գործերուն մասին։