ԵՐԵՒԱՆ.– Վերջին տարիներուն նկատելի է, որ Իրանի հետ ապրանքաշրջանառութիւնը աշխուժացած է: 2011ին առաջին անգամ Իրանի հետ ապրանքաշրջանառութիւնը գերազանցած է 300 միլիոն տոլարը, իսկ 2012ին արձանագրուած է մրցանշային՝ 328 միլիոն տոլար մակարդակ: Այս մասին գրած է լրագրող Սամուէլ Աւագեան։
2013ին նկատելի է որոշ անկում: Իրանի հետ ապրանքաշրջանառութեան աճման մէջ մեծ դեր ունի արտածումը՝ վերջին 5 տարիներուն Հայաստանէն Իրան արտածումը աճած է մօտ 3 անգամով եւ կը գտնուի 100 միլիոն տոլարի սահմանին մօտ: Սակայն ատիկա տեղի ունեցած է հիմնականին մէջ ելեկտրականութեան հաշուոյն՝ «հոսանք գազի դիմաց» բանաձեւի սկզբունքով: Բաւական յստակ կը դառնայ երբ նշուի, որ Հայաստանէն Իրան արտածման կառուցուածքին մէջ 80-85 տոկոսը ելեկտրականութիւնն է: 2013ին ելեկտրականութեան արտածումը կազմած է մօտ 79 միլիոն տոլար՝ 1.5 միլիառ քիլոուաթ/ժամ հաշուարկով:
Արտածման յաջորդ կարեւոր ազդակը ոչխարներն են: 2013ին դէպի Իրան արտածուած է 100 հազար գլուխ ոչխար՝ 12.4 միլիոն տոլարով: Միւս ապրանքներէն շատ թէ քիչ նշանակութիւն ունին մետաղի փշրանքները՝ տարեկան 2-3 միլիոն տոլարի ծիրին մէջ: Այսպիսով Հայաստանի առջեւ իրանական շուկան կը փակուի, թէեւ կարելի է նշել նաեւ արտածուած ինքնաշարժները (2013ին՝ 18 հատ), բժշկական սարքերը, մարտկոցի թափօնները եւ այլն:
Իսկ Իրանէն ներածումը աւելի բազմազան է: Առաջին դիրքի վրայ է կուպրը՝ տարեկան մօտ 35 հազար թոն (մօտ 15 միլոին տոլար): Սկսած է նաեւ ներածումը մեծ քանակութեամբ պարարտանիւթերու, 2013ին՝ մօտ 8 հազար թոն (9 միլիոն տոլար), կան նաեւ քիմիական նիւթերը՝ 5.5 միլիոն տոլար:
Իրանէն կը ներածուի մեծ քանակութեամբ շինանիւթ՝ շաղախ, կաւիճ, նոյնիսկ ցեմենթ: Սակայն ամէնէն տարօրինակը աւազի ներածման երեւոյթն է: Հայաստան տարեկան 43 հազար թոն աւազ կը ներածէ, մօտ 4 հազար թոնը՝ Իրանէն (միւս հիմնական մատակարարներն են Վրաստանն ու Եգիպտոսը): Նշենք, որ Սիւնիքի շինարարական կազմակերպութիւններու ղեկավարները կը հերքեն, թէ իրանական աւազ կ՛օգտագործեն: Խորքին մէջ անոր կարիքն ալ չկայ, որովհետեւ աւազաի հանքեր կան Մեղրիի, Կապանի եւ Վայոց ձորի մէջ։ «Ցաւօք՝ Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնից պարզաբանում չստացուեց ներկրուող աւազի նպատակի ու որակի մասին: Հնարաւոր է՝ դա հանքարդիւնաբերութեան մէջ օգտագործուող շինանիւթ է, կամ էլ՝ աւազի անուան տակ այլ ապրանք է ներկրւում», կը գրէ լրագրողը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.