
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Մայիսին Շուշի քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու միութեան խումբ մը անդամներու հետ՝ կազմակերպութեան ղեկավար Վարդան Յակոբեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ գրականութեան զարգացման եւ մշակութային կեանքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահը բարձր գնահատած է գրողներուն դերակատարութիւնը երկրի զարգացման եւ ազգային արժէքներու պահպանման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման եւ մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն տալու իմաստով՝ աւելցնելով, որ ասկէ ետք եւս Գրողներու միութեան հիմնախնդիրներուն յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ պետութիւնը։