
Հինգշաբթի, 22 Մայիսի երեկոյեան Լիբանանի «ԱԼՊԱ» սրահին մէջ բացումը կը կատարուի լիբանանահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի «Մերկեր» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին նաեւ կը կատարուի շնորհահանդէսն ու մակագրութիւնը գեղանկարիչին մերկերու ստեղծագործական պաստառներուն նուիրուած նոր հրատարակուած գիրքին: Միեւնոյն հանդիսութեան ընթացքին Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի ձեռամբ Յարութիւն Թորոսեան կը պարգեւատրուի մշակոյթի նախարարութեան մետալով:
Այս առիթով «Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսելով այս ցուցահանդէսին մասին՝ Յարութիւն Թորոսեան յայտնեց, որ «Աքատեմի Լիպանեզ»ի տնօրէն Անտրէ Պեքազիի խնդրանք-առաջարկը՝ ուղղուած մշակոյթի նախարարութեան, զինք պարգեւատրելու, եղաւ մեկնակէտը թէ՛ ցուցահանդէսին եւ թէ հրատարակութեան գիրքին, որուն մէջ ամփոփուած մերկերը 1953էն 2000 գծուած պաստառներ են: Ցուցահանդէսին ընթացքին արուեստասէր հանրութեան կը ներկայացուին 50 գործեր՝ իւղանկարներ, փորագրութիւններ, գծագրութիւն, ջրաներկ եւ փասթել: «Բոլորն ալ կը ներկայացնեն աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ էակը, որ կինն է», հաստատեց արուեստագէտը: