ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի մեծ ընտանիքը վերջերս վայելեած է անգլիական «Պիթըլզ» խումբին երգերը, «Յանդգնութիւնը ունեցիր երեւակայելու» խորագիրով ձեռնարկի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցած է վարժարանիս «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահին մէջ:
Իւրայատուկ այս ձեռնարկին ընթացքին, աշակերտները՝ առաջնորդութեամբ նախակրթարանի ուսուցիչներուն, կատարած են 1960ական եւ 70ական տարիներուն, աստիճանաբար Բրիտանիան եւ ապա Միացեալ Նահանգներն ու ամբողջ աշխարհը հրապուրած «Պիթըլզ»էն երգեր՝ զանոնք երգելով խումբին յատուկ տարբեր տարազներով ու ներկաները տասնամեակներ ետ տանելով:
Վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեան դրուատած է ներկայացումը՝ զայն նկատելով ուսուցիչներու նուիրման մէկ արտայայտութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.