ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կրկին ու կրկին անգամներ կը դիտեմ նկարները: Աւերակ ու տխուր տեսարաններ: Ուշի ուշով կ՛ունկնդրեմ իրմէ հասնող հակասական լուրերը:
Այս մէկը հայրենասիրական թելադրանք չէ, այլ տեսակ մը սէր, միւսներէն տարբեր սէր մը: Անոր համար կրնամ սահուն կերպով կարդալ անոր հոգիի գիրքը ու անձայն կ՛աղօթեմ: Մեր քաղաքի աղօթքներուն լեզուն միայն մենք կը հասկնանք. մենք՝ նոյն քաղաքին մէջ ծնածներս:
Ամբողջովին հարազատ մտածումի արդիւնք են այս բոլորը:
Ու ես, իբրեւ վշտահար անցորդ, կը տեսնեմ նոյն քաղաքի պատերուն տակ անմարդկային տառապանքները, որոնք մէջս կ՛արթնցնեն բնազդական բնոյթ կրող ապրումներ: Այնպէս կ՛երեւի, թէ արդէն ինքնակոչ հազար միտքեր սկսած են այցելելու, ինծի գալու:
Տաժանելի է այս զգացումը: Կ՛ուզեմ ես ինձմէ խոյս տալ:
Խոր է իրականութիւնը, եւ իրապաշտ կը կրկնեմ ու կրկին կը վերադառնամ նկարներուն:
Քաղաքը, երկիրը, այդ հողը ինծի կը նային:
Միտքս, թէեւ անհանգիստ, սակայն այլեւս կարիքը չունի խօլական թռիչքներու: Հոգիս կարծես բացուած է դէպի անհունները:
Ամէն բան յստակ է եւ հասարակ: Նաեւ ամէն բան բարդ է եւ անորոշ: Լաւ կամ գէշ, չեմ գիտեր: Բայց այդպէս է: Տարակուսանքներ, յիշատակներ եւ ներքին պայքար պաշարած են ժամերս ու զիս, գրեթէ ամէն օր եւ ամէն ժամ:
Կը լսեմ, հոն մերինները, ամէն վայրկեան իբրեւ մարդ ապրելու կողքին նաեւ հայ ըլլալու եւ հայ մնալու կամքն է, զոր կը հաստատեն:
Կայ նաեւ աւելին: Հոն ներկայ է հայ միտքի շունչը, հայ հոգիի թռիչքը:
Անոր համար լաւ եմ այսպէս: Վերջապէս ի տես այս բոլորին, ես ինծի հետ եմ:
Այս օրերուն, եթէ հայրենքէն ներս հազարաւոր շատերու համար հայ ըլլալը մեծ բեռ մըն է ու ճակատագրական, անոր համար խոյս կու տան, հոնկէ կ՛արտագաղթեն, սակայն մեր այդ չոր ու ցամաք քաղաքին մէջ, հայորդիներ կապուած կը մնան իրենց աւանդութեան, սրբութեան եւ հայութեան, որովհետեւ իրենց համար հոն հայ ըլլալը եւ հայ մնալը պատիւ ալ է:
Անոր համար էր, որ տարիներ առաջ ես, սիրտս թողած էի հո՛ն, անձայն, այդ հայ կեանքի կեդրոնին մէջ:
Հոն «մերոնք» պատերը շոշափող կոյրերու նման խաղաղութիւն եւ յոյս կը փնտռեն:
Կը զգամ: Այս բոլորը իմ ենթագիտակցութեանս մէջ հին ու նոր յիշատակներ իջեցուցած են ու մտածումներս կ՛առաջնորդեն հաստատապէս:
Քաղաքս, ուր խիղճը թմրած է ու աննշմարելի եւ գրեթէ անյայտ դարձած է, ուր մարդոց բառերուն ծայրին վիշտն է կախուած, ու մահը կրկին անգամ սեւ դրօշակը բարձրացուցած է, հիմա դժոխքի մը վերածուած է:
Մարդիկ եղբայրասպան բանակի վերածուած են եւ արդարութեան դաշտը լուռ է: Անապատ: Անոր խոտերը արիւնով կը սնանին, ինչպէս կ՛ըսեն:
Հոն ամէն բան դուրսէն թելադրուած է. որովհետեւ այդ քաղաքին վրայէն մահուան մրրիկն է, որ կ՛անցնի դանդաղ ու նոյնքան վայրագ, ու մարդոց շրթուքներուն վրայ մահը միշտ ներկայ է: Բայց եթէ հոն կեանքը հայութիւն կ՛որսայ, հաստատապէս հայութիւնն ալ՝ կեանքը, որովհետեւ հոն միշտ կայ հայօրէն ապրելու ցանկութիւնը:
Ու այս բոլորէն ետք, յանկարծ բառերէս կը վախնամ:
Որովհետեւ կը տեսնեմ քաղաքիս փողոցներու ու թաղերու փլատակներուն վրայ նոր մարդիկ կանգնած են եւ աշխարհի ուրիշ բաներ կը կարդան:
Ռումբերու տակ պայթող քաղաքս, որ ինծի նման հազարաւորներու սիրտերուն մէջ միշտ ման կու գայ, արդէն անցած է մահուան սահմանը: Ամէն բան տակն ու վրայ է, ու մնացած է անզօր եւ խեղճ:
Կը կարծեմ, որ դարերէ ի վեր կապուած եմ անոր քարերուն: Կը յիշեմ տարիներով քալած եմ այդ քարերուն վրայէն: Մաշած եմ այդ քարերը: Անոնց վրայ սէրս ու վիշտս ապրած: Անոնց վրայ միշտ նոր արշալոյս ծրագրած: Ու հիմա կը հաւատամ, որ վաղը իր գլխուն վրայ նոր արշալոյս մը պիտի ծագի:
Սակայն այդ վաղը կ՛ուշանայ եւ կրնայ շատ ուշանալ. կը մտածեմ:
Կը սոսկամ եւ կ՛ափսոսամ: Ու միշտ Աստուծոյս կ՛աղօթեմ: Չէ որ Աստուած կեանք է՝ ըսած են մեր մեծերը եւ պատգամած: Չէ որ…
Միտքիս մէջ մեծ վէրքի նման բացուած է այն էջը, որուն վրայ կը գրուի այսօրուան պատմութիւնը:
Ու իբրեւ հարազատ եւ սգաւոր, ի տես այդ քստմնելի տեսարաններու ցուցադրութեան, ականջս դրած կուրծքիս ու շունչս կտրած կը լսեմ ու միաժամանակ ահով կը դիտեմ խելագարութիւնը այդ մարդոց:
Գիշերները անհանգիստ երազներ զիս դէպի անյայտը կը տանին ու յուզումս կը ճնշեն:
Յաճախ կը մտածեմ, ուրկէ՞ եկած ենք, ի՞նչ ճամբայ կտրած ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք:
Եւ ես շփոթած եմ: Պէտք չէ սակայն շփոթել:
Ի՞նչ է իրականութիւնը եւ տեսանելին՝ կ՛ըսեմ ես ինծի: Չեմ գիտեր: Սակայն կը կարծեմ, որ այս օրերուն էական ու կարեւոր է չկորսնցնել կենդանի կապը այդ իրականութեան հետ: Կ՛ուզեմ գէթ ինքզինքս այս ձեւով մխիթարել:
Ու նոյն վշտահար անցորդի նման, ես ալ քաղաքիս հետ՝ կը սպասեմ հրաշքին: