Յիշեցնենք, որ Մայիս 29ին, Նազարպաեւ Ալիեւի նամակը կարդացած էր Մաքսային միութեան բոլոր անդամ երկիրներու ղեկավարներուն՝ յայտարարելով, որ Հայաստան Եւրասիական միութեան պէտք է անդամակցի միայն ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած սահմաններով, այսինքն՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անմիջապէս չէր պատասխանած նշեալ նիստը հիւրընկալող երկիրին՝ Ղազախստանի նախագահի դիտողութեան, սակայն երկու օր ետք, Հայաստանի մէջ «տհաճ» որակած էր այդ դիտողութիւնը՝ աւելցնելով, թէ Նազարպաեւի յայտարարութիւնը վնաս չի հասցներ Հայաստանին:
Ալիեւ եւ Նազարպաեւ Յունիս 5ին նաեւ կարծիքներ փոխանակած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ. այս մասին հաղորդած է ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Նշեալ երկուքին կողքին, թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի չորրորդ գերաստիճանին մասնակցած են Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, Ղրղզստանի նախագահ Ալմազպեկ Աթամպաեւ եւ Թիւրքմէնիստանի նախագահ Կուրպանկուլու Պերտիմուհամետով, ինչպէս նաեւ նշեալ երկիրներու արտաքին գործոց, մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարները:
Ալիեւ անջատ հանդիպում մը ունեցած է Կիւլի հետ եւ ապա եռակողմ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ալիեւի, Կիւլի եւ Պերտիմուհամետովի միջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.