
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի դաշնակիցները եւ առաջին կարգին՝ Ռուսիան, կը շարունակեն մեծ ծաւալներով ծանր սպառազինութիւն մատակարարել Հայաստանի հետ փաստացի պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:
ՄԱԿի աւանդական սպառազինութիւններու ցուցակին վրայ յայտնուած տեղեկութեանց համաձայն՝ 2007-2013 տարիներուն Ռուսիա Ատրպէյճանին վաճառած է 72 հրասայլ, 34 զրահապատ մեքենայ, մեծ տրամագիծով հրթիռային 456 համակարգ, 1200 միաւոր հրթիռներ եւ հրթիռներու արձակման համալիրներ, ինչպէս նաեւ՝ 37 մարտական ուղղաթիռ: Այս վիճակագրութենէն դուրս է 2013ին յայտարարուած ռուս-ատրպէյճանական 4 միլիառ տոլարանոց ռազմա-արհեստագիտական պայմանագիրը:
Ուշագրաւ է, որ ըստ նոյն աղբիւրին՝ 2007-2012 տարիներուն Ռուսիա Հայաստանին որեւէ ծանր սպառազինութիւն չէ մատակարարած, իսկ 2013ին, Հայաստան ստացած է 35 հրասայլ, 110 զրահապատ մեքենայ, 200 միաւոր հրթիռ եւ 50 հրթիռարձակ:
Նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Արզումանեանի համաձայն՝ այս տուեալները կը վկայեն, որ Ռուսիա չի կրնար յուսալի դաշնակից հանդիսանալ Հայաստանի համար: «Ռուսաստանի ազդեցութեան միակ լծակը Հարաւային Կովկասի վրայ մնացել է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, եւ Ռուսաստանի շահերից է բխում լարուածութիւնը մշտապէս բարձր մակարդակի վրայ պահել», ըսած է Արզումանեան:
Ազգային ժողովի Եւրոպական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Նայիրա Զոհրաբեան եւս մտահոգիչ բնութագրելով այս տեղեկութիւնը՝ ըսած է. «Այստեղ մենք լուրջ անելիք ունենք, եւ մեզ չպէտք է բաւարարի Ռուսաստանի դեսպանի այն պարզ համադասական նախադասութիւնը, թէ դա ընդամէնը բիզնես է»:
Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները հրաժարած են մեկնաբանելէ այս տեղեկութիւնները:
ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ 2007-2012 տարիներուն, Պելոռուս Պաքուին մատակարարած է 62 հրասայլ, 7 մարտական օդանաւ եւ մեծ տրամագիծով հրթիռային 42 համակարգ: Նոյն ժամանակահատուածին, Պելոռուս Հայաստանին մատակարարած է մեծ տրամագիծով հրթիռային 10 համակարգ: