
ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- «Վարդանանց Ասպետներ» եւ «Վարդանանց Դուստրեր»ու ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 2-6ին, Սան Տիէկոյի քաղաքամէջը գտնուող «Մենչեսթըր Կրենտ Հայաթ» պանդոկին մէջ:
Ժողովին ու աշխատանիստներուն կողքին, տեղի պիտի ունենան պտոյտներ եւ պարահանդէսներ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ արուեստի ցուցահանդէս մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի հայկական վարժարաններու:
«Վարդանանց Ասպետներ»ը Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ ունի 25 մասնաճիւղեր, իսկ անոր ներկայ ատենապետն է Նիկողոս Աթինիզեան՝ Պոսթընէն: «Վարդանանց Դուստրեր»ը ունի 20 մասնաճիւղ, իսկ անոր ատենապետուհին է Լիզա Գրաճեան՝ Սան Տիէկոյէն:
Մանրամասնութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել http://kofv.org/main/grand-convocation կայքէջը կամ դիմել sdconvocation2014@gmail.com հասցէին: