ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Յունիս 1ին Արեւմտեան Հոլիվուտի «Տը Լանտըն» պանդոկի «Քինզինկթըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA) ներս գործող «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի 45ամեակին եւ ամպիոնի վարիչ՝ փրոֆ. Փիթըր Քաուիի կրթական ասպարէզի 30ամեակին առիթով:
Նորակազմ «Քաուիի տարեդարձի յանձնախումբ»ին ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի բարեկամներ»ուն համատեղ ջանքերով կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին բացումը կատարեցին Շահան Մարտիրոսեան եւ Գայիանէ Խեռչումեան, իսկ բացման աղօթքը՝ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պեն Չարչեան։
Ի պատիւ փրոֆ. Փիթըր Քաուիի, որ սկովտիացի է, հրամցուեցաւ սկովտիական ճաշ մը, որ հաճելի անակնկալ մը եղաւ մեծարեալին։ Ճաշին աւանդական ներկայացումը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ սուրերով աւանդական պար մը, կատարեց դոկտ. Նիլ ՄըքԼոտը։ Ապա կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրը՝ Պօղոս աբղ. Թինքճեանին կողմէ, իսկ «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին պատմականը ներկայացուց ամպիոնէն դոկտորական վկայական ստացած Շուշան Կարապետեանը, որ իր կարգին ներկայացուեցաւ Անի Շիրինեանին կողմէ։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Արա Սողոմոնեանի պատրաստած ֆիլմը՝ փրոֆ. Քաուիի եւ հիմնարկի ուսանողներուն մասին։
Օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ փրոֆ. Թիօ Վան Լինթ, ներկայացուեցաւ դոկտ. Դալար Շահինեանին կողմէ, որ իր կարգին մեծարեալին իրագործումներուն մասին խօսեցաւ։ Վերջապէս, մեծարեալը բեմ հրաւիրուեցաւ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանին կողմէ։
Փրոֆ. Փիթըր Քաուի խօսեցաւ հայագիտական ասպարէզին մէջ իր հարուստ փորձառութեանց մասին, զորս իր ակնկալածէն աւելի եղած է։ Ան հայ մշակոյթը եռուն պահելու կոչ ըրաւ բոլոր ներկաներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.