
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 17 Յունիսի առաւօտեան 66 տարեկանին մահացած է «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ Սամուէլ Գէորգեանը:
Սամուէլ Գէորգեան ծնած է 2 Հոկտեմբեր 1948ին Թալինի շրջանի Զարինջա գիւղին մէջ: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը՝ բանասէրի որակաւորումով:
1971-72ին աշխատած է ուսուցիչ Թալինի շրջանի Ն. Բազմաբերդ գիւղին մէջ, 1972-73ին՝ «Աշտարակ» թերթին մէջ, 1973-89ին՝ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէին մէջ խմբագիր, Տեղեկատուութեան գլխաւոր խմբագրութեան բաժինի վարիչ, 1989-1991ին՝ «Հայք» թերթի գլխաւոր խմբագիր, 1991-93ին՝ հեռուստապետ-վարչութեան պետ, 1993-95ին՝ Հայաստանի նախագահի խորհրդական: «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ էր: 1988ի 10 Դեկտեմբերին ձերբակալուած է եւ մինչեւ 31 Մայիս 1989 բանտարկուած է «Ղարաբաղ» կոմիտէի միւս անդամներուն հետ: Ընտրուած է Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր:
28 Յուլիս 1995ին ընտրուած է Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մնայուն յանձնաժողովի նախագահ: Ազգային ժողովի «Հանրապետութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՀՇի վարչութեան անդամ էր:
Սամուէլ Գէորգեան 2008ին աշխոյժ կերպով մասնակցած է առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Համաժողովրդական շարժման: