ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ Թուրքիոյ քաղաքական քուլիսներուն մէջ սկսած էին բուռն քննարկումներ՝ նախագահական ընտրութիւններուն համար ընդդիմութեան միասնական թեկնածու Էքմելետտին Իհսանօղլուի անուան շուրջ, իսկ արտաքին քաղաքականութեան մարզէն ներս դիւանագիտական «պայքար» կը մղուէր Մոսուլի մէջ պատանդ առնուած Թուրքիոյ հիւպատոսն ու մօտաւորապէս 80 թուրքերը ազատ արձակելու ուղղութեամբ, յանկարծ Թուրքիոյ մէջ պայթեցաւ քաղաքական նոր փոթորիկ մը։
Արդարեւ, Անգարայի 10րդ եղեռնադատ ատեանը հրապարակեց Սեպտեմբեր 12, 1980ի զինուորական յեղաշրջումի դատական վճիռը ու ցմահ բանտարկութեան դատապարտեց սպայակոյտի նախկին նախագահը, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան 7րդ նախագահը՝ զօրավար Քենան Էվրենը )97 տարեկան), եւ օդային ուժերու նախկին հրամանատար, հանգստեան կոչուած զօր. Թահսին Շահինգայան )89 տարեկան)։
Ամբաստանեալներն ու դատ բացողները չմասնակցեցան դատական նիստին, որուն ներկայ էին միայն երկու կողմերու փաստաբանները։ Քենան Էվրեն ու Թահսին Շահինգայա, որոնք դարմանումի տակ կը գտնուին համապատասխանաբար Անգարայի ու Պոլսոյ զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ, ձայնային ու տեսողական համակարգով միացան նիստին ու կիսապառկած վիճակով հետեւեցան դատավարութեան։ Անոնք մեղադրուեցան ժողովրդավար կարգերու տապալման եւ պետական համակարգին դէմ ոճրագործութեան յանցանքով. իրենց դէմ պատիժը «մեղմացաւ», երբ դատավճիռէն հանուեցաւ ցմահ բանտարկութեան մէջ «ծանր պայմաններով» պահանջը։
Դատարանի այս վճիռը ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ յեղաշրջումի զոհերու ընտանիքներուն կողմէ, բայց միւս կողմէ՝ բուռն բանավէճերու տեղի տուաւ զանազան շրջանակներէ ներս։
Վճիռի արձակումէն ետք, շատեր անմիջապէս յիշեցին Քենան Էվրենի յայտարարութիւնները, զորս ան ըրած էր Յունիս 2009ին, երբ առաջին անգամ օրակարգի եկած էր Սեպտեմբեր 12ի յեղաշրջման հեղինակներուն դէմ դատ բանալու հարցը։ Այդ թուականին, Էվրեն հարցազրոյց մը տուած էր «Հիւրրիյէթ» թերթին ու ըսած, որ հանրաքուէ մը պէտք է կազմակերպուէր՝ զինք դատելու կամ չդատելու մասին։ Եթէ ժողովուրդը «այո՛» ըսէր, ապա ինք կը խոստանար՝ առանց դատին սպասելու՝ անձնասպան ըլլալ, որովհետեւ չէր կրնար այդ սպիով ապրիլ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.