Սպանիոյ Նաւարա ինքնավար մարզի խորհրդարանը Երկուշաբթի, Յունիս 23ին ընդունեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ «դէպքերը, որոնց պատճառով տուժած է հայ ժողովուրդը, իսկական ցեղասպանութիւն են»:
Հռչակագիրը նաեւ կը դատապարտէ այդ ժամանակուան թրքական իշխանութեանց քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ընէ «դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի հետ եւ կարգաւորելու սահմանային վէճը՝ խաղաղ ճանապարհով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.