
ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ.- Մայիս 2014ին սկսաւ Ատրպատատականի Հայոց թեմին մէջ գտնուող Հովիւի մատուռի վերանորոգութեան աշխատանքը, Ճուլֆա քաղաքի մէջ, մայր Արաքսի իրանեան ափին, դէպի Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը տանող գետափնեայ ճանապարհին:
Նշենք, թէ մատուռը կը վերանորոգուի Արազի Ազատ գօտիի եւ Իրանի Հնապահպան հիմնարկութեան միացեալ ջանքերով, հաւանութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին: Սոյն վերանորոգութեան աշխատանքներուն համար Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած է վերանորոգումի վարպետ Մարտիրոս Չալումեանը:
21 Յունիս 2014ին, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան մեկնեցաւ Ճուլֆա, ընկերակցութեամբ Իրանի Հնապահպան պետական հիմնարկութեան հայկական եկեղեցիներու բաժանումքի տնօրէն Շերլի Աւետեանի, մօտէն հետեւելու համար վերանորոգման աշխատանքներուն: