ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ.- 20-21 Յունիսը յատկանշական էին Ջաւախքի Ախալաքալաք եւ Նինոծմինտա շրջաններու աշակերտներուն համար: Վրաստանի ՀՕՄը (ՎՀՕՄ) նախաձեռնեց տարեկան սովորութեան վերածուած «Հայոց պատմութիւն» եւ «Ստեղծագործական շարադրութիւն» մրցումներու կայացման։ Հայոց պատմութեան մրցումը, որուն կը մասնակցէին շուրջ ութ տասնեակ աշակերտներ, կը կրէր «Մեր հողը սուրբ է, ջուրը՝ միւռոն, մարդիկ՝ Կերոն, Աստուածն՝ Ամենազօր» խորագիրը: Տարուէ տարի կը բարձրանայ մրցումին մասնակիցներուն թիւը, անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը եւ իբրեւ արդիւնք ստեղծագործութիւններուն որակը կը բարձրանայ:
Այս տարի Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի շրջանի աշակերտները երկու մրցումներուն մասնակցեցան Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Ծալկայի եւ Ախալցխայի աշակերտներուն համար ՎՀՕՄը նախատեսած է մրցումներ կայացնել տուեալ տարածքներուն մէջ: Իսկ յաջորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ 21 Յունիսին Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ, շրջադարձային էր իր բնոյթով: Մրցումին բացման խօսքը կատարեց ՎՀՕՄի ատենապետ Կարինէ Թադեւոսեանը եւ քաջալերեց երեխաները, որպէսզի անոնք առաւել անկաշկանդ ըլլան, ստեղծագործելով նիւթի մը շուրջ, որ իւրաքանչիւր հայու վիշտն ու ցաւն է, կարեւոր խնդիրը: Ներկայ էին մրցումին օժանդակող ՀՕՄականները, տարբեր դպրոցներէն աշակերտներ ներկայացնող բանասէրներ: Այս մրցումին խորագիրը իւրօրինակ էր եւ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին: «Այլեւս երբե՛ք Ցեղասպանութիւն», «Յիշի՛ր եւ պահանջի՛ր հատուցում» խորագիրով մրցումին կը մասնակցէին աւելի քան 100 աշակերտներ:
Մասնակիցները շուրջ 20 գիւղերէ էին, անոնք եկած էին մեծ խանդավառութեամբ եւ ստեղծագործեցին մեծ հմտութեամբ։
Բոլոր մասնակիցները ստեղծագործեցին նիւթով մը, որ բոլորին վիշտն է. անոնք մէկ նպատակ կը հետապնդէին՝ համադրել հայերու դաժան անցեալի պատմական փաստերը ստեղծագործական միտքի իւրայատուկ դրսեւորման հետ, իրենց լուման ներդնել Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.