ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Հաք- քին» կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի քոնկրեսական, Հելսինքեան յանձնախումբի անդամ Քրիս Սմիթ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման մը ընթացքին, վերջինիս փոխանցուած են ցուցակները այն բանտարկեալներուն, որոնք Միջազգային ներումի տուեալներով՝ քաղաքական բանտարկեալներ են:
«Միշտ կը բարձրացնեմ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը: Ես այդ հարցը բարձրացուցած եմ նաեւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին», ըսած է քոնկրեսականը:
Ան աւելցուցած է. «Անկեղծ զրոյցը տեւեց մէկ ժամ: Կային շատ դրական պահեր՝ մարդոց մաքսանենգումի դէմ պայքարին մէջ, սակայն ես մտահոգութիւնս յայտնեցի՝ լրագրողներու հարցերուն վերաբերեալ»:
Ըստ քոնկրեսականին՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նախագահական ընտրութեանց, մարդոց մաքսանենգումի դէմ պայքարին եւ Ատրպէյճանի մէջ սեռային հաւասարութեան առնչուող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.