ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ 13րդ վարչական դատարանը մերժած է «Սանասարեան խան»ը հայութեան վերադարձնելու վերաբերեալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին ներկայացուցած դատական հայցը. ուստի, ըստ «Ակօս» թերթին՝ Հայոց պատրիարքարանը խանը վերադարձնելու համար դիմած է Գերագոյն ատեան՝ բողոքելով Պոլսոյ դատարանի վճիռին դէմ:
Նշենք, որ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ Վագըֆներու (հաստատութիւններու) ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ 2012ին բացուած դատին կապակցութեամբ՝ անցեալ Մարտին, Պոլսոյ համալսարանի ակադեմականներուն կողմէ պատրաստուած էր մասնագիտական տեղեկագիր մը, ըստ որուն՝ «Սանասարեան խան»ը հայ համայնքին պատկանող կալուած է:
Պատրիարքարանը կը պնդէ, որ «Սանասարեան խան»ը կը պատկանի պատրիարքարանին, իսկ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կ՛ըսէ, որ Հայոց պատրիարքարանը օրինական ինքնութիւն չունի, հետեւաբար՝ չի կրնար դատ բանալ, ու կը շեշտէ, թէ խանը հիմնուած էր Օսմանեան կայսրութեան շրջանին, որբ հայ երեխաներու ուսումը ապահովելու համար, բայց հիմա բարեգործական այդ ծառայութիւնը չէ մնացած:
Մկրտիչ աղա Սանասարեանը Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կառուցած էր խանը եւ զայն յանձնած էր պատրիարքարանի տնօրինութեան: Պետութիւնը խանը գրաւեց նախ՝ 1915ին, ապա կարճ ժամանակի մը համար խանը վերադարձուեցաւ պատրիարքարանին: 1928ին, խանի եկամուտներուն վրայ ձեռք դրուեցաւ, իսկ 1935ին այդ խանը ամբողջութեամբ առնուեցաւ համայնքէն: Երկար տարիներ շէնքը գործածուեցաւ իբրեւ Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէնութեան կեդրոն: Զինուորական յեղաշրջումներու տարիներուն, այս շէնքի նկուղները կը գործածուէին որպէս չարչարանքներու կեդրոն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.