
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Իթիհատ Էրլայնզ» ընկերութիւնը Երեւանէն Ապու Տապի ուղիղ թռիչքի սկսաւ։ 3 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտարարած է վաճառքի գծով ընկերութեան փոխնախագահ æիմ Միւլլերը: Անոր համաձայն՝ ընկերութիւնը շաբաթական 4 թռիչք պիտի կատարէ՝ Ապու Տապիէն Երեւան եւ հակառակը:
Յուլիս 3ին «Իթիհատ Էրլայնզ»ը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց:
Հայաստան արդէն իսկ կը համագործակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ, սակայն «Իթիհատ Էրլայնզ»ը առաջին ընկերութիւնն է, որ պիտի տրամադրէ ծառայութիւններու ամբողջական փաթեթը: Միւլլեր նշած է, որ ընկերութիւնը շաբաթական 4 թռիչք պիտի կատարէ 136 աթոռ (16 առեւտուրի դասակարգ) ունեցող «Airbus 320» օդանաւով։ Ընդհանուր առմամբ, հայկական ուղղութեամբ շաբաթական 1088 ճամբորդներ կրնան փոխադրուիլ: «Հայաստանը մեզի համար նոր շուկայ է, եւ մենք ուրախ ենք այստեղ մուտք գործելով: Երեւանն ու Ապու Տապին հազարաւոր տարիներու ընթացքին կարեւոր երթեւեկի օղակներ ունեցած են, եւ մենք կ՛ուզենք խթանել Հայաստանի եւ Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ առեւտուրի ու զբօսաշրջութեան աճը», աւելցուցած է ան։