ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Կառավարութեան նիստին ընթացքին որոշուեցաւ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման համար փոխհատուցել 105 հազար ընտանիքի։ Ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասատրեան տրամադրուելիք օգնութիւնն ու անոր չափը հիմնաւորեց հետեւեալ կերպով. «Քանի որ ընտանիքները միջինը սպառնում են 200 կվ/ժամ էլեկտրաէներգիա, իսկ հոսանքի գինն էլ թանկանում է 3.85 դրամով՝ 38ից դառնալով 42 դրամ, ապա կառավարութիւնը հաշուարկել է՝ ընտանիքների ուսերին աւելացող ֆինանսական ամսական բեռը կազմելու է 770 դրամ: Բայց կառավարութիւնը աւելի մեծահոգի է գտնուել եւ որոշել է անապահովներին օգնել ոչ թէ 700, այլ միանգամից 1000 դրամով»:
Երկու օր առաջ Սերժ Սարգսեան առաջարկած էր վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին՝ ձեւեր գտնել մեղմացնելու համար ելեկտրականութեան սակի բարձրացման հետեւանքները ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն համար։ Աբրահամեան, իր կարգին, յանձնարարած էր ելեւմուտքի, տնտեսութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարներուն՝ շուրջ 105 հազար նման ընտանիքներու ընտանեկան նպաստի չափը աւելցնելու վերաբերող կառավարութեան որոշման նախագիծ մշակել:
«Փաստօրէն 105 հազար ընտանիքի այդ ծախսը պետութիւնը իր վրայ է վերցնում», յայտարարած է Աբրահամեան:
Պաշտօնական տուեալներով, Հայաստանի մէջ աղքատ կը նկատուի բնակչութեան մէկ երրորդը, այսինքն՝ մօտ մէկ միլիոն մարդ, մինչդեռ կառավարութիւնը որոշած է 1000 դրամով օգնել 105 հազար ընտանիքի: Այսինքն՝ աղքատներուն զգալի մասը պարզապէս կը զրկուի հոսանքի գինի բարձրացման դիմաց օգնութիւն ստանալու կարելիութենէն:
Նկատի ունենալով այս հանգամանքը, ընդդիմադիրները փաստեր ներկայացուցած են այն մասին, որ մէկ տարուան ընթացքին մօտ 40 տոկոսով ելեկտրականութեան գինի բարձրացումը պիտի աւելցնէ աղքատներուն թիւը, իսկ արդէն պաշտօնապէս աղքատի կարգավիճակ ունեցողները պարզապէս պիտի ըլլան չքաւոր:
«Կառավարութիւնը դեռեւս չի վերլուծել, թէ Օգոստոսի 1ից ելեկտրաէներգիայի թանկացումը ինչպիսի յաւելեալ գնաճի կը յանգեցնի եւ որքանով կ՛աւելացնի աղքատութեան մակարդակը: Ամէն դէպքում սոցիալապէս անապահով վիճակում գտնուող քաղաքացիները արդէն իսկ ելքեր են փնտրում էլեկտրաէներգիայի թանկացման հետեւանքների դէմ պայքարելու համար», կը գրէ «Ազատութեան» լրագրող Ռուզաննա Ստեփանեան։
«Եթէ միս էինք ուտում, հիմա էդ միսը պիտի չուտենք, որ հոսանքի վարձը մուծենք, ի՞նչ անենք», յայտնած է երեւանցի կին մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.