ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայկական եւ ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ վիրաւորուած է ատրպէյճանցի զինուոր Էլսեւար Մամետովը:
ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ 18ամեայ Մամետովին առողջական վիճակը բաւարար նկատուած է:
Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ զինուորը վիրաւորուած է հայկական կողմէն զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք, եւ որ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած է միջադէպը, այլ մանրամասնութիւններ չկան։ Նշուած է միայն, որ Մամետով զօրակոչուած է Լաչինի շրջանէն:
Հայկական կողմը միշտ կը հաստատէ, որ զինադադարը կը խախտեն ատրպէյճանական զինուած ուժերը, եւ իր պատասխան գործողութիւններուն նպատակը զանոնք լռեցնելն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.