ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Գերմանիոյ խորհրդարանին՝ Պունտեսթակի մէջ, տեղի ունեցած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100ամեակին նուիրուած յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին յիշատակուած են նաեւ 1915 թուականի հայկական ջարդերը:
Խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթ նշած է, որ Առաջին աշխարհամարտը վերջ դրած է Համպուրկեան եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն՝ պատերազմական նոր օճախներ ստեղծելով Պալքաններուն եւ Կովկասի մէջ: Լամերթ խօսած է նաեւ հայերու ջարդերուն մասին՝ նշելով, որ հայերու արտաքսումն ու ոչնչացումը պատերազմ վարելու միջոց դարձուցած էին տեղահանումն ու զանգուածային սպանութիւնները:
Պունտեսթակի սոյն նիստին մասնակցած են Գերմանիոյ նախագահը, վարչապետը եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.