
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 10 Յուլիսին ընդունած է «Նայիրիտ» գործարանի աշխատակիցները, որոնք բողոքի ցոյց կը կատարէին կառավարութեան շէնքին մօտ: Բանուորները հաւաքուած էին կանուխ առաւօտէն եւ կը պահանջէին յստակացնել, թէ ե՞րբ աշխատավարձ պիտի ստանան, եւ արդեօք գործարանը պիտի վերսկսի՞ աշխատանքի։ Քանի մը բանուորներ լրագրողներուն յայտնած են, որ իրենց պարտական են 16 ամսուան աշխատավարձ:
Յովիկ Աբրահամեան ցուցարարներուն առաջարկած է կազմել 20 աշխատակիցէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը եւ տեսակցիլ իրեն հետ:
Կառավարութեան նիստէն ետք կայացած հանդիպումին ընթացքին վարչապետը լսած է անոնց խնդիրներն ու մտահոգութիւնները: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը եւ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը:
Անկաշկանդ զրոյցին ընթացքին քննարկուած է աշխատավարձերու, ինչպէս նաեւ գործարանի հետագայ ճակատագիրի հարցը: Վարչապետ Աբրահամեան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին աշխատակիցները պիտի ստանան իրենց մէկ ամսուան աշխատավարձը եւ նշած, որ մինչ Օգոստոսի աւարտը մանրամասն կերպով պիտի ուսումնասիրուի «Նայիրիտ»ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ պիտի մշակուին լուծման առաջնորդող քայլեր:
Վարչապետը խոստացած է կրկին ընդունիլ նայիրիտցիները եւ անոնց ներկայացուցած է կառավարութեան կատարած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները: