ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Թուր-քիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս Իսրայէլի իշխանութիւնները կ՛ամբաստանէր պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկելու յանցանքով, Պոլսոյ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց՝ ցրուելու համար Կազայի վրայ իսրայէլեան ցամաքային յարձակումին դէմ բողոքող ցուցարարները, որոնք Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի հիւպատոսարանը քարկոծեցին եւ ապակիները փշրեցին: Նման բողոքի ցոյցեր կատարուեցան նաեւ Անգարայի Իսրայէլի դեսպանատան առջեւ։ Ցուցարարները դեսպանատան պատէն կախած են Պաղեստինի դրօշակը:
Իսրայէլ բողոքած է Անգարայի իշխանութեանց՝ իր դիւանագիտական անձնակազմը լաւապէս չպաշպանելուն համար, որոշելով զգալիօրէն նուազեցնել Թուրքիա գտնուող դիւանագիտական անձնակազմի թիւը:
Նշենք, որ նախագահական ընտրապայքար մղող Էրտողան քննադատած է նաեւ Արեւմուտքը եւ իսլամական երկիրները, որոնք լուռ կը մնան «Ռամատանի ամսուան ընթացքին այս համակարգուած ցեղասպանութեան դիմաց»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.