
ԵՐԵՒԱՆ.– 18 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնած եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի հետ գործակցաբար իրականացած քննարկում՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու ընթացքին մասին։ Հրաւիրուած էին ՀՅԴ քաղաքական գործիչներ, փորձագէտներ:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ հետաքրքրուած է սահմանադրական փոփոխութիւններով, որովհետեւ կը գիտակցի, որ անոնք անհրաժեշտ են, եթէ ամբողջացնեն շարք մը կարեւոր պայմաններ: «Մենք համարում ենք, որ գործող Սահմանադրութիւնն ունի լուրջ բարեփոխման անհրաժեշտութիւն, այն պէտք է բարեփոխուի, որ ունենանք սահմանադրական կարգ, ստեղծենք համապատասխան իրաւական դաշտ, որով էլ կը լուծուեն մի շարք կարեւոր հարցեր՝ արդէն Սահմանադրութեան օգնութեամբ: Սահմանադրութիւնը ոչ թէ պասիւ, այլ ակտիւ փաստաթուղթ է, որը պէտք է կեանքի կոչուի ու իրականացուի», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ սահմանադրական բարեփոխումները լուրջ քայլ են իշխանութեան մէջ հաւասարակշռութիւն ապահովելու եւ խորհրդարանի դերը բարձրացնելու համար:
Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ յատկապէս կառավարման համակարգի փոփոխութիւնը, որով պայմանաւորուած են խորքային բազմաթիւ փոփոխութիւններ:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի՝ այսօր կայ հիմնական հարց–առաջադրանք մը՝ փոխել կառավարման համակարգը դէպի խորհրդարանական կառավարում, իշխանութեան հաւասարակշռութիւն, իշխանութեան ապակենդոնացում եւ իշխանութեան թեւերուն միջեւ զսպման ու հակակշիռներու գործընթացի ապահովում: «Քանի դեռ պատրաստ չէ սահմանադրական փոփոխութիւնների վերջնական նախագիծը, մենք պէտք է կարողանանք մեր մօտեցումները համադրել ու յանգել փոխըմբռնելի տարբերակի: Սահմանադրական փոփոխութիւնները իմաստ կ՛ունենան, եթէ դրանք բերեն խորհրդարանական կառավարման համակարգի: Խորհրդարանական կառավարման համակարգը նոյնպէս բազմաթիւ ձեւեր ունի, եւ պէտք է ընտրել այն տարբերակը, որը կը համապատասխանի Հայաստանին», հաստատեց Արմէն Ռուստամեան: