
19 Յուլիսին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի բակին մէջ հանդիսաւոր կերպով փակուեցաւ «Ջաւախքի ճամբար 2014» ամառնային ծրագիրը: Ծրագիրի փակման արարողութիւնը ընթացք առաւ Հայաստանի քայլերգով։
Հանդիսութեան ընթացքին շուրջ 100 երիտասարդներ ու պատանիներ իրենց հարազատներուն ներկայացուցին 10 օրուան ընթացքին իրենց սորվածները։ Անոնք ներկայացուցին հայրենասիրական երգեր, պարեցին հայկական պարեր եւ հաւաքուած ժողովուրդին հրամցուցին քանի մը թատերական ներկայացումներ:
Հանդիսութեան աւարտին ճամբարի մասնակիցները նուէրներ յանձնեցին իրենց խմբապետերուն, որոնք ծրագիրի իրականացման համար հոն կը գտնուէին Միացեալ Նահանգներէն, Ուրուկուէյէն եւ Մեծն Բրիտանիայէն։
«Ջաւախքի ճամբար 2014» ծրագիրի փակման արարողութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Ախալքալաքի մէջ:
Յիշեցնենք, որ 10 Յուլիսին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ սկսած է 10օրեայ «Ջաւախքի ճամբար 2014» ամառնային ծրագիրը, որ երրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի Սամցխէ-æաւախքի մէջ:
Տուեալ ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ Հայ Օգնութեան Միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ մասնաւոր օժանդակութիւններով: