
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Յուլիս 15ին Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը հաստատեց ստորադաս դատարանի մը 2011 թուականի վճիռը՝ հրահանգելով, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնարկ»ին վերադարձուին այն շէնքերը, որոնք նախատեսուած էին Ուաշինկթընի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ յուշահամալիր կառուցելու համար:
Ահաւասիկ՝ ինչպէս ամփոփեցին Վերաքննիչ դատարանի դատաւորներ Կարլենտ, Ուիլքինզ եւ Կինսպըրկ դատական գործերու եւ հակընդդէմ հայցերու շարքը, որ վիճարկող կողմերը ներկայացուցած էին վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին.
Ամերիկայի Հայկական համագումարի ղեկավարութիւնը, ներառեալ՝ Հրայր Յովնանեան եւ Ճերարտ Գաֆէսճեան, «ապահոված էին մեծ նիւթական ներդրումներ եւ ստեղծած ոչ-շահութաբեր ընկերութիւն մը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիրը»: Անոնք նաեւ համաձայնութեան եկած էին եւ գնած պատմական շէնք մը թանգարանին համար, Սպիտակ տունէն ընդամէնը քանի մը թաղամաս հեռաւորութեան վրայ: Սակայն տարիները կ՛անցնէին, իսկ անոնք չէին կրնար համաձայնութիւն գոյացնել բազմաթիւ հարցերու շուրջ: Յառաջխաղացքը կը դանդաղէր, լարուածութիւնը կ՛աճէր: Աննշան յաջողութիւններ ձեռք բերուեցան: Ի վերջոյ, ծրագիրի գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ բարերարներէն մէկը՝ հանգուցեալ Ճերարտ Գաֆէսճեան, որոշեց հեռանալ խումբէն եւ հրաժարական տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիրի նախագահի իր պաշտօնէն: Պառակտումը հեռու էր բարեկամական ըլլալէ: Եւ այսպէս, սկսաւ իրադարձութիւններու երկար շղթայ մը, որուն գագաթնակէտը այս խճճուած դատավարութիւնն է: Քանի մը տարուան դատական վէճերէն ետք կողմերը, ի վերջոյ, դիմեցին շրջանային դատարան: Բացի մէկ հարցէ, բոլոր միւս պահանջները համարուեցան չապացուցուած: Դատաքննութիւններէն ետք առաջ եկան բազմաթիւ խնդիրներ, եւ ստորադաս դատարանի բազմաթիւ որոշումներէն ետք անոնք բողոքարկուեցան մաս-մաս, իսկ հիմա բողոքարկման մասնատուած գործերը համախմբուած եւ ներկայացուած են մեզի՝ որոշում կայացնելու համար»:
Իրենց կայացուցած որոշման վերջին էջին մէջ վերաքննիչ դատարանի դատաւորները հիասթափութիւն եւ անհանգստութիւն արտայայտած էին անիմաստ դատավարութիւններու շարքին համար: Ցասումով լեցուած՝ անոնք գրած էին.
«Այս իրաւական ոդիսականը երկարաշունչ էր: Անիկա սկսաւ իբրեւ մէկ եզակի դատավարութիւն՝ չվճարուած մուրհակները հաւաքելու համար, եւ արագօրէն վերածուեցան իրաւական վէճերու ճահիճի: Աւելի քան եօթը տարիներու ընթացքին իրաւաբանական ծառայութիւններու համար միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելէ ետք, կողմերու հսկայածաւալ աշխատանքը՝ իրենց երազած թանգարանը իրագործելու համար, կը թուի, թէ ապարդիւն էր, որ շատ ցաւալի է: Ի՛նչ ալ որ ըլլայ հետագային, մենք յոյսով ենք, որ այսօրուան մեր որոշումը կրնայ առնուազն վերջակէտ դնել այս ձգձգուած դատական վիճաբանութեան»:
Անցեալ շաբաթ ես բազմաթիւ ելեկտրոնային նամակներ ստացայ ընթերցողներէ, որոնք ցաւով կը նշէին այն փաստը, որ երկու յայտնի հայկական կազմակերպութիւնները բազմամիլիոն տոլարներ վատնեցին իրարու դէմ դատական քաշքշուկներու մէջ՝ փոխանակ իրենց վէճը լուծէին դատարանէն դուրս եւ կառուցէին Ցեղասպանութեան թանգարանը, որ նախատեսուած էր աւարտին հասցնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն շատ առաջ: Ցաւօք, թանգարանին բացումը կրնար ընդհանրապէս չկայանալ։
Շատ ցաւալի է, որ երկու կողմերն ալ մերժած էին երրորդ կողմերու միջնորդելու բոլոր առաջարկները: Դատական հայցերու վրայ վատնուած միլիոնաւոր տոլարները կրնային օգնել Ցեղասպանութեան թանգարանի ֆինանսաւորման: Ասիկա նոյնպէս ցաւալի օրինակ է, թէ ինչպէ՛ս հայերը կ՛ոտնահարեն իրենց սեփական շահերը:
Դեռ կրնայ հրաշք տեղի ունենալ։ Թէեւ պարոն Գաֆէսճեան մահացաւ անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, սակայն ան բազմիցս յայտարարած էր, որ իր ջերմ փափաքը եղած է կառուցել Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիրը Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ: Աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութիւնը կը փափաքի, որ անոր ժառանգորդները եւ «Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնարկ»ի հոգաբարձուները յարգեն Ճերարտ Գաֆէսճեանի նուիրուածութիւնը այս վեհ գաղափարին եւ իրականացնեն անոր երազը:
Հայաստանի ղեկավարները, Սփիւռքի կազմակերպութիւններու առաջնորդները եւ համայնքի անդամները պէտք է տեղեկացնեն «Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնարկ»ի հոգաբարձուներուն, որ իրենք լիովին պատրաստ են ամէն տեսակ աջակցութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի իրականութիւն դառնայ պարոն Գաֆէսճեանի երազը: Թանգարանը պէտք է յաւերժական յարգանքի տուրք ըլլայ Ճերարտ Գաֆէսճեանին, որ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ նուիրած է մարդասիրական ծրագիրներու՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Այժմ, երբ այս տհաճ դատական գործը արդէն անցեալ է, ժամանակն է ամերիկահայ համայնքին համար՝ «Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնարկ»ի հոգաբարձուներուն հետ միասնաբար, համախմբուելու եւ ստեղծելու համահայկական յանձնախումբ, ներառեալ՝ Հայկական համագումարը, եւ սկսիլ այս յոյժ կարեւոր կառոյցի ձեռնարկումին Ուաշինկթընի մէջ:
Ցեղասպանութեան թանգարանը միլիոնաւոր այցելուներու միշտ պիտի յիշեցնէ ո՛չ միայն սարսափելի ողբերգութեան մասին, որ պատուհասած էր հայ ժողովուրդը 1915 թուականին, այլ, որ աւելի կարեւոր է, անոր աննկուն ոգիի գոյատեւման եւ բագաւաճման մասին: Հետեւաբար, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ թանգարանը անուանել «Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու ի յիշատակ»:
Եթէ «Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնարկ»ի հոգաբարձուները եւ ամերիկահայ համայնքը կիսեն այս տեսլականը, հիմնարկէքի արարողութիւնը կրնայ տեղի ունենալ Հայոց յուշահամալիրի ապագայ տարածքին վրայ, 2015ի Ապրիլ 24ին…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը