ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աւելի քան 6,3 միլիոն միաւոր գրականութիւն ունեցող Հայաստանի ազգային գրադարանը 24 Յուլիսին համալրուեցաւ 229 յաւելեալ միաւորով: Գրադարանին գիրքերը նուիրած է թեհրանաբնակ Անահիտ Ազարեանը, որ ծնած է 1955 թուականին, Իրանի Թաւրիզ քաղաքը: Անոր մեծ հայրը ունեցած է հարուստ անձնական գրադարան, եւ անոր մահէն ետք Անահիտը փափաքած է զայն նուիրել հայրենիքին։
«Այսօր ինձ համար մեծ երջանկութիւն է գտնուել այստեղ: Տարիներ շարունակ իմ երազանքն է եղել իմ պապի գրադարանի թէկուզ մի մասնիկը նուիրաբերել այնպիսի հաստատութեան, որտեղ միշտ բարձր կը մնայ իմ պապի յիշատակը, եւ տարիների ընթացքում ձեռք բերած գրքերն կը լինեն յուսալի ձեռքերում», ըսած է Անահիտ Ազարեան:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ազգային բարերար Աւօ Յովհաննիսեանը, որուն խորհուրդով եւ օգնութեամբ Անահիտ Ազարեան կրցած է իրագործել իր երազը:
«Մեզ համար մեծ պատիւ է այս նուիրատուութիւնն ընդունելը, քանզի իւրաքանչիւր նոր գրքի առկայութիւնը շատ կարեւոր է գրադարանի համար: 229 միաւոր գրականութեան մէջ կայ 24 գիրք, որոնք գրադարանի պահոցում մինչ այժմ չեն եղել, իսկ 18 միաւորն էլ ընդամէնը մէկ օրինակ է եղել», յայտնած է Հայաստանի ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Ռաֆիկ Ղազարեանը:
Գրադարանի անձնակազմը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է Անահիտ Ազարեանին՝ նուիրատուութեան համար, իսկ Ռաֆիկ Ղազարեան աւելցուցած է, որ գրադարանը միշտ ուրախ է եւ երախտապարտ նման ազգանուէր գործերուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.