ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղի բնակիչները աւանդաբար յուլիսեան վերջին օրերէն մէկը կը նուիրեն հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի մեծարման: Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւանը կը յայտնէ, որ 26 Յուլիսի առաւօտեան Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Ս. պատարագ, որուն աւարտին կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն: Պատարագի աւարտին հիւրերը Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, հոգեւոր դասին եւ ժողովուրդին ընկերակցութեամբ ծաղիկներ զետեղած են Ջիւանիի յուշարձանին առջեւ:
Մեծն Ջիւանիի աւանդական տօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են հիւրեր Հայաստանէն եւ Վրաստանէն: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցած է Ախալքալաքի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն՝ բարձր գնահատելով անոնց կատարած աշխատանքը: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը տօնական հանդիսութեան ընթացքին իր խօսքին մէջ ըսած է. « Ջիւանու ստեղծած արուեստով մենք ապրում ենք: Այն, ինչ ստեղծել է նա, որը կոչւում է արուեստ, մշակոյթ, անմահ է: Նրա արուեստը հարիւրամեակներ որպէս խոհափիլիսոփայութիւն, որպէս կեանքի ուղենիշ առաջնորդում է մեզ»:
Ջիւանիի մեծարման նուիրուած տօնահանդէսին վերստին տարածուած են անոր երգն ու երաժշտութիւնը: Բեմին վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային ռատիոյի «Սայաթ Նովա» համոյթը ներկայացուցած է ջիւանական երգ ու տաղ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.