
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ թրքական «Սապահ» թերթը հրապարակած էր հետեւեալ մտահոգիչ լուրը.
«Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար. Հայկական Հարցը ցեղասպանութիւն չէ»:
«Սապահ»ը նկարագրած էր այն դէպքերը, որոնք յանգեցուցած էին թերթի նողկալի խորագիրին: Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի խորհուրդի անդամ եւ նախկին նախագահ Կիւնայ Էւինչը վերջերս այցելած էր Աւստրալիա՝ տեղի թրքական խումբերուն տեղեկացնելու Մովսէսեանի դատական գործին մասին: Ան պատմած էր, որ՝ «Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը ուժի մէջ դրած է 9րդ շրջանային վերաքննիչ դատարանի՝ Քալիֆորնիոյ օրէնքը անվաւեր ճանչնալու մասին որոշումը, որ Հայկական հարցը բնորոշած էր իբրեւ ցեղասպանութիւն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային քաղաքականութիւնը Հայկական Հարցը չի բնորոշեր իբրեւ ցեղասպանութիւն»:
«Սապահ»ը նաեւ հաղորդած էր, որ Էւինչի այցելութիւնը «մաս կազմած է թուրրք-անգլիական սփիւռքի համագործակցութեան աւելի լայն ծրագիրի, որով Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Ճըրզիի թուրքերը կը փոխանակեն իրենց լաւագոյն փորձը՝ հիմնուած ընդհանուր իրաւագիտական եւ քաղաքական ժառանգութեան վրայ»:
Աւստրալիոյ թրքական զօրակցութեան միութեան ղեկավար Էրթունչ Օզեն, հետեւելով Էւինչի խորհուրդին, Մայիս 5ին նամակ յղած էր Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշափին՝ «մտահոգութիւն յայտնելով բանաձեւերուն առնչութեամբ, որոնք ընդունուած էին Նոր Հարաւային Ուելզի խորհրդարանին կողմէ 2013ի Մայիսին՝ «Թուրքիոյ եւ տարբեր համայնքներու ճակատագիրին վերաբերեալ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Ա. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ եւ ետք»:
Արտաքին գործոց նախարար Պիշափ Յունիս 4ին Օզենին գրած էր. «Աւստրալիոյ կառավարութիւնը կ՛ընդունի, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները աղէտալի հետեւանքներ ունեցած են հետագայ սերունդներուն եւ անոնց ինքնութեան, ժառանգութեան ու մշակոյթին վրայ»:
Զարմանալիօրէն, ան աւելցուցած էր. «Սակայն այդ դէպքերը մենք չենք ճանչնար իբրեւ «ցեղասպանութիւն»: Աւստրալիոյ նահանգները եւ տարածքները սահմանադրական դերակատարութիւն չունին Աւստրալիոյ արտաքին քաղաքականութեան մշակման գործին մէջ: Յարգելով սոյն հարցին վերաբերեալ անհատներու եւ խումբերու անդրդուելի հայեացքներ ունենալու իրաւունքը՝ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը շատոնց յստակ մօտեցում որդեգրած է՝ չմասնակցիլ այս զգայուն բանավէճին»:
Աւստրալիոյ արտաքին գործելու նախարարը կը սխալի երեք հարցով. նախ, ան սխալած է՝ նշելով, որ Աւստրալիան չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հակառակ անոր որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը կը գերադասէ չօգտագործել ցեղասպանութիւն եզրը, որպէսզի չթշնամացնէ Թուրքիան, սակայն ոչ մէկ պաշտօնեայ երբեւէ յայտարարած է, որ անիկա ցեղասպանութիւն չէ. երկրորդ՝ ան սխալ գրած է, որ Աւստրալիոյ նահանգները, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ձեւաւորած են արտաքին քաղաքականութիւն: Այս նահանգները պարզապէս ճանչցած են պատմական իրողութիւն մը. եւ երրորդ, ան կը հակասէ ինքզինք՝ նշելով, որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը չի մասնակցիր այս «զգայուն բանավէճին», սակայն ինքնիրեն թոյլ տուած է միջամտելու՝ նշելով, որ ատիկա ցեղասպանութիւն չէ…
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան անմիջապէս խիստ ձեւակերպումով նամակ մը յղած է արտաքին գործոց նախարարին՝ անոր «սխալ յայտարարութիւնը» անուանելով «խորապէս վիրաւորական եւ ցաւալի Աւստրալիոյ հայ համայնքին համար»: Ան նաեւ Պիշափի դիրքորոշումը բնութագրած է իբրեւ «անհանդուրժելի», «աններելի», «խիստ վիրաւորական» եւ «վնասակար բոլոր աւստրալիացիներուն»: Գահրամանեան արդարացիօրէն զարմացած է, թէ՝ «ինչպէ՞ս կրնայ Աւստրալիոյ բարոյագիտակցութիւնը դառնալ այսքան փճացած»:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնը յիշեցուցած է արտաքին գործոց նախարարին, որ անոր յայտարարութիւնը խիստ կերպով կը հակասէ «ներկայ կառավարութեան բազմաթիւ բարձրաստիճան նախարարներու արտայայտած դիրքորոշումները: Վերջերս, 2014ի Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ընթացքին, Աւստրալիոյ գանձապետ Ճօ Հագին հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ՝ Ապրիլ 24ը նշելով իբրեւ օր՝ «երբ կը հաւաքուինք յիշելու Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած 1.5 միլիոն մարդիկը»: Նախարարներ Թեռնպուլ, Մորիսըն, Աշխատաւորական, Կանաչներու, փոքր եւ անկախ կուսակցութիւններու այլ բարձրաստիճան անդամներու հետ միասին կոչ ըրած են Աւստրալիոյ խորհրդարանին՝ պաշտօնապէս ճանչնալու 1915 թուականի իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն: Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Էպըթ, ընդդիմութեան առաջնորդ եղած ընթացքին հանդէս եկած է ամէնամեայ յայտարարութեամբ՝ վկայակոչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ առանց որեւէ որակաւորման կամ մեղմասացութեան»:
Գահրամանեան նաեւ ըսած է արտաքին գործոց նախարարին. «Ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դուք կը ժխտէք նաեւ Աւստրալիոյ սեփական պատմութիւնը: Աւստրալիոյ ազգային արխիւին մէջ կը պահուին ANZAC-ի (Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի բանակային բաժանմունքի) ռազմագերիներու անթիւ ու անհամար վկայութիւններ, որոնք գերեվարուած էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ… Այս անհերքելի վկայութիւնները վառ յիշողութիւններ են հայ ժողովուրդի տառապանքներուն եւ ոչնչացման մասին»:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Կրեկ Սողոմոնեան կոչ ուղղած է արտաքին գործոց նախարարին՝ «անյապաղ չեղեալ համարելու դատողութեան այս լուրջ սխալը» եւ հանդիպում խնդրած է անոր հետ:
Ես կ՛առաջարկեմ, որ աւստրալիահայերը յստակացնեն վարչապետ Թոնի Էպըթէն՝ արդեօք արտաքին գործոց նախարարը անոր հետ նախապէս համաձայնեցուցա՞ծ է այդ խիստ վիրաւորական նամակը: Եթէ ոչ, ուրեմն Հայ Դատի յանձնախումբը պէտք է պահանջէ արտաքին գործոց նախարարի անյապաղ պաշտօնանկութիւնը: Հայ Դատի յանձնախումբը պէտք է խնդրէ Աւստրալիոյ բոլոր երեք նահանգներու խորհրդարաններէն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ընդունիլ նոր բանաձեւ՝ դատապարտելով արտաքին գործոց նախարար Պիշափի ժխտողական դիրքորոշումը եւ կոչ ընել վարչապետին՝ հեռացնելու զայն պաշտօնէն…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը