ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Գարեգին Նժդեհի արձանը պիտի տեղադրուի կառավարութեան երրորդ շէնքի յարակից այգիին մէջ՝ դէմքը դէպի Հանրապետութեան փողոցը: Այս մասին «Նիուզ»ին յայտնած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեանը:
«Գարեգին Նժդեհի արձանը հիմա գտնւում է այն վիճակում, որ կարելի է ասել՝ գրեթէ պատրաստ է: Արձանի կաւէ տարբերակն արդէն կայ, անհրաժեշտ է 3 անգամ մեծացնել, իսկ քանդակագործն էլ մօտ 1.5 տարի աշխատելու է արձանի վրայ», նշած է ան:
Գլխաւոր ճարտարապետին համաձայն՝ հովանաւորի հարցը արդէն լուծուած է։ «Այս պահին գլխաւոր պողոտան են վերանորոգում, պատուանդանն էլ յարմարացրել, որպէսզի արձանը տեղադրելու ժամանակ խնդիրներ չառաջանան», աւելցուցած է ան:
Նշենք, որ արձանը հաւանաբար տեղադրուի յառաջիկայ տարի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.