Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, նախ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու գործակցութեան, ներկայ հանգրուանին Միջին Արեւելքէն ներս: Ապա, արծարծուեցան որոշ հարցեր՝ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս ու յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.