ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».– Այս տարուան առաջին կիսուն Հայաստանի 1000 մեծ հարկատուները պետական պիւտճէին վճարած են աւելի քան 326 միլիառ դրամի հարկ: Այդ ցանկը հրապարակած է ելեւմուտքի նախարարութիւնը: Ատիկա ընդհանուր հարկային եկամուտներու աւելի քան 67 տոկոսն է: Նախորդ տարուան հետ բաղդատելով՝ մեծ ընկերութիւններու վճարած հարկերը աւելցած են շուրջ 12.1 միլիառ դրամով կամ 3.8 տոկոսով: Ընդհանուր հարկային մուտքերը աւելցած են 3.4 տոկոսով, ինչ որ կը փաստէ, որ մեծ հարկատուներուն վճարած հարկերը ընդհանուրին հետ բաղդատելով՝ աւելցած են յառաջդիմական տարողութեամբ:
2014ի առաջին կիսամեակին, ինչպէս նաեւ առաջին եռամսեակին, Հայաստանի մեծագոյն հարկատուն «Գազպրոմ Արմէնիան» է (նախկին «Հայռուսգազարդը»): 2014ի Յունուար-Յունիսին այս ընկերութիւնը վճարած է գրեթէ 24 միլիառ դրամ հարկ: «Գազպրոմ Արմէնիա»ն զգալիօրէն շրջանցած է մնացած մեծ հարկատուները՝ մօտ 14 միլիառ դրամ աւելի վճարելով երկրորդ դիրքի վրայ գտնուող մեծ հարկատուէն: Ընկերութեան վճարած հարկերը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով աւելցած են 4.5 միլիառով:
Առաջին 1000 հարկատուներու ցանկին երկրորդն է հեռահաղորդակցութեան ոլորտի առաջատար «Ղ-տելեկոմ» («Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.) ընկերութիւնը: Անոր վճարած հարկերը կազմած են 10.2 միլիառ դրամ: Ընկերութեան վճարած տուրքերը առաջին եռամսեակին հետ բաղդատելով աւելցած են, բայց որոշակիօրէն կը զիջին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին:
Երրորդ դիրքի վրայ է «Ալեքս Գրիգ» ընկերութիւնը՝ 9,6 միլիառ դրամ հարկերով, անոր վճարած հարկերը աւելցած են նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով:
Եթէ այս տարուան առաջին կիսամեակին ընդհանրապէս հարկային եկամուտները կազմած են մօտ 509 միլիառ դրամ, իսկ Հայաստանի 1000 մեծ հարկատուները ընդհանուր առմամբ վճարած են անոր աւելի քան 236 միլիառ դրամը, ապա մեծ հարկատուներու առաջին տասնեակը միասնաբար վճարած են մօտ 82 միլիառ դրամ հարկ: Ատիկա կը կազմէ Հայաստանի առաջին 1000 հարկատուներուն վճարածի գրեթէ մէկ քառորդը կամ 25 տոկոսը եւ Հայաստանի բոլոր հարկատուներու վճարած հարկերուն մէկ վեցերորդը կամ մօտ 17 տոկոսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.