Էրտողան իր յաղթանակը ապահովելէ անմիջապէս ետք նշանակալից քայլով մը նամազ կատարեց Էյուպ սուլթան մզկիթին մէջ, ուր գահ բարձրանալէ ետք իրենց առաջին այցելութիւնը կու տային Օսմանեան կայսրութեան սուլթանները: Ան այդպիսով ցոյց տուաւ, որ ինքզինք աւելի Օսմանեան կայսրութէան սուլթաններէն մէկը կը նկատէ, քան՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահներէն մէկը: Ան կը ձգտի Թուրքիոյ հանրապետութեան առաջին սուլթանը ըլլալ եւ ոչ թէ 12րդ նախագահը:
Յաղթանակ արձանագրելէ ետք Էրտողան խօսելով քուէարկողներուն մասին նշեց. «Թուրք, քիւրտ, հայ, յոյն ըլլալէ առաջ անոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են (…) եւ ես 77 միլիոն բնակիչի նախագահն եմ»: Այս յայտարարութիւնը շատ դրական պիտի ըլլար, եթէ ուրիշի մը բերնէն հնչած ըլլար, սակայն նկատի ունենալով, որ Էրտողան տակաւին քանի մը օր առաջ հայ կոչուիլը «տգեղ» կոչած է եւ «հայ» բառը արտաբերելուն համար ներում հայցած, վերոնշեալ յայտարարութիւնը այլ ձեւով կը մեկնաբանենք: Թերեւս ան անկեղծ է, երբ թուրքը, քիւրտը, հայը եւ յոյնը ամէն բանէ առաջ կը նկատէ Թուրքիոյ քաղաքացիներ, սակայն յստակ է, որ սուլթան Էրտողանի համար անոնք իրարու հաւասար չեն եւ չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ անոնց մէջ կայ «ընտիրն» ու «պիղծը»: Ան «մեծահոգի» կերպով կ՛ընդունի վերջիններուս ալ նախագահը ըլլալ, սակայն յստակ է, որ աւելի «ընտիր» քաղաքացիներուն նախագահն է, քան անոնց, որոնց ինքնութեան հայհոյալից անունը կը զգուշանայ արտաբերելէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.