
Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի 94րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 14էն 17, Պոսթընի մօտակայ Պըրլինկթըն շրջանի «Մարիը»չ պանդոկին մէջ:
Շրջանները ներկայացնող պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ, որոնց կարգին Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան Դանիէլեան:
Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ներկայացնէր Անժէլ Մանուկեան, իսկ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչն էր Քարոլին Շմաւոնեան:
Ժողովին կիզակէտն էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն ու յատկապէս սուրիահայութեան օժանդակութեան վերաբերեալ աշխատանքները: Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց կատարուած աշխատանքն ու եղան առաջարկներ յառաջիկայ տարիներուն համար:
Հուսկ ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն՝ Թալին Տաղլեան (Նիւ Ճըրզի, ատենապետ), Սեւան Գօլէճեան (Ուաշինկթըն, փոխատենապետ), Մելիսա Սիմոնեան (Փրավիտընս, քարտուղար), Մարկրիթ Պապիկեան-Մետինա (Փրավիտընս, գանձապահ), Սիլվա Պետեան (Շիքակօ, խորհրդատու), Թալին Մկրտիչեան (Փրավիտընս, խորհրդատու) եւ Սոնիա Պզտիկեան (Նիւ Եորք, խորհրդատու):