«Մարմարա» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւնը միջոցէ մը ի վեր որոշած է օժանդակութիւն ցոյց տալ մասնաւոր վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն։
«Կրթական նախարարութիւնը այս կերպով կը մտածէ թեթեւցնել պետական դպրոցներու բեռը։ Ուրեմն աշակերտներ, որոնք պիտի յաճախեն մասնաւոր վարժարան, կրթական նախարարութենէն օժանդակութիւն պիտի ստանան համաձայն իրենց ընտանիքին նիւթական պայմաններուն, նաեւ իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն։ Օժանդակութիւնը աշակերտի գլուխ պիտի վճարուի դպրոցին, ոչ թէ աշակերտին», կը գրէ «Մարմարա»՝ աւելցնելով. «Հետաքրքրականն այն է, որ այս կարգադրութեան մէջ ներմուծուեցան նաեւ փոքրամասնական դպրոցները։ Փոքրամասնական վարժարաններու տնօրէնութիւններն ալ, իրենց կարգին, կրթական նախարարութեան դիմում պիտի կատարեն տեղեկութիւններ տալով դիմում կատարող աշակերտներու ընտանիքներուն նիւթական եկամուտին ու կարգավիճակին մասին։ Վերջին հաշուով, նախարարութիւնն է, որ պիտի ճշդէ, թէ ո՞ր աշակերտին օժանդակութիւն պիտի կատարուի։ Թէ աշակերտի գլուխ, որքա՞ն պիտի վճարուի, ատիկա ամէն տարի պիտի ճշդուի։ Այս տարուան համար որոշուած է, որ նախադպրոցական շրջանի աշակերտներուն 2500, նախակրթարանի աշակերտներուն 3000, միջնակարգի աշակերտներուն 3500, իսկ լիսէի աշակերտներուն 3500 լիրա վճարուի»։
Նշենք, որ Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւնը որոշած է այս տարի օժանդակել մանկապարտէզի 50 հազար, միջնակարգի 75 հազար, լիսէի 75 հազար աշակերտներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.