ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Ապրիլ 23ի նախագահական ընտրութեան առաջին նիստէն հարիւր օրեր ետք, Լիբանանի խորհրդարանը Սեպտեմբեր 2ին, 12րդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը, երեսփոխաններու անբաւարար թիւին պատճառով: Ներկայ էին 57 երեսփոխաններ, իսկ բացակայ՝ 71:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի որոշոց Սեպտեմբեր 23ին կատարել նախագահի ընտրութեան 13րդ նիստը:
Այս բոլորի լոյսին տակ, հայեացքները դարձեալ կ՛ուղղուին դէպի Ռապիէ, որ հաստատած էր, թէ «նախագահական ընտրութիւնը կ՛անցնի Ռապիէէն»՝ տրուած ըլլալով, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը գլխաւորէ խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ երեսփոխաններու մեծագոյն համախմբումը: Նմանապէս, նոյնքան կարեւոր կը թուի երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն գլխաւորած երեսփոխանական պլոքի քուէները կրնան վճռել նախագահի ինքնութիւնը: Այս ծիրին մէջ, վերջինս քուլիսներու ետին կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները, զորս սկսած էր զօր. Աունի եւ «Հըզպալլա»ի ղեկավար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.