
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը այս տարի եւս կազմակերպեց Open Camp–ը, ՀԳ Խաչի Շրջանային վարչութեան Խալքիտիքիի բանակավայրէն ներս, 13-19 Օգոստոսին:
86 հայ երիտասարդներ՝ 19 հիւսիսային Յունաստանէն եւ 67 Աթէնքի շրջանէն, դաստիարակչական շաբաթ մը անցուցին բանակավայրին մէջ:
Օրուան յայտագիրը կը ներառնէր զանազան աշխատանքներ եւ զբաղումներ՝ ընկերային կեանք, դասախօսական օրակարգեր, ծովու լոգանք եւ խրախճանք: Դասախօսական նիւթերէն մին ներկայացուց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ատրիկ Ստեփանեան, որ տեղեկութիւններ տուաւ Թրակիոյ մէջ մահմետական փոքրամասնութեան մասին:
Այլ նիւթ մը պատրաստուած էր Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի կողմէ: Ան խօսեցաւ ընդհանրապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի՝ ի մասնաւորի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած հակահայ քայլերուն մասին: Այլ օր մը Գասպար Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրասիոյ միութեան կապը Հայաստանի հետ: