
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Էրտողան, Տաւութօղլու եւ Չաւուշօղլու հելլէնական շառաչուն ապտակով մը սկսան իրենց կառավարման նոր շրջանը: Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումով, Յունաստանը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու անոր միջազգայնացման ճիգերուն խթան հանդիսացաւ, միեւնոյն ատեն յստակ պատգամ մը փոխանցելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ վերջ տալու արդէն իսկ բազմիցս ապացուցուած իր ուրացման քաղաքականութեան:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը անկիւնադարձային իրագործումներու եւ նուաճումներու շրջան մը տեսնելու մեր ցանկութիւնը այնքա՛ն ալ անկարելի չի թուիր ըլլալ: Քալիֆորնիոյ կրթական ծրագիրներուն մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի ներառումով սկսած (ինչու չէ՝ Արցախի ճանաչման սատարող Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի որոշումն ալ կրնանք այս դասակարգին մէջ ներառել, որովհետեւ, ի վերջոյ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը պիտի աւարտի Հայկական մէկ ու միացեալ պետականութեան ստեղծումով, կորուսեալ բոլոր հողերու վերամիաւորումով) եւ ահա Յունաստանի խորհրդարանին որդեգրած օրինագիծով շարունակուող նուաճումները կարելի չէ անկիւնադարձային չնկատել: Պէտք է ըսել, որ այս երկու յաջողութիւնները պարտաւորեցնող են, որովհետեւ կատարուեցան ճանապարհի սկզիբին՝ ակնկալութիւններու նշանաձողը անհամեմատօրէն բարձրացնելով:
Մենք ուրիշ տարբերակ չունինք: Պէտք է կարենանք իւրաքանչիւր յաջողութիւն վերածել նոր նուաճումներու համար անհրաժեշտ թափ հաւաքելու, աշխատանքի ու պայքարի տենդը բռնկեցնելու միջոց: Անշուշտ, կրնանք նաեւ կրաւորական, հանդիսատեսի դեր վերցնել՝ հանգիստ նաւարկելով յաջորդող ամիսներուն, բաւարարուելով աւանդական ձեռնարկներու շարանով: Այս տարբերակը կը մերժե՛նք, ու Յունաստանի մէջ երէկ արձանագրուած կարեւոր յաղթանակը կ՛ընդունինք իբրեւ մարտակոչ՝ ուրացման քաղաքականութեան շուրջ օղակը ամէն օր առաւել սեղմելու ու սեղմելու: