ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիան միջոցէ մը ի վեր սկսած է որոշ բարեկարգումներու՝ փոքրամասնութեանց իրաւունքները վերադարձնելու գծով։ Փոքրամասնութիւններու կարգ մը կալուածները վերադարձնելու շղթային կը յաջորդէ փոքրամասնութիւններու լեզուն եւ մշակոյթը ծանօթացնելու ծրագիր մը։
Այս ծիրէն ներս, Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի Յունաց կեդրոնական աղջկանց վարժարանի հոգաբարձութիւնը առաջին քայլը առած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանին գործող, սակայն հետագային փակուած իր համալսարանը վերաբանալու համար։ Տարի մը առաջ, այս վարժարանի պատմական շէնքը վերադարձուեցաւ յոյն համայնքին, ու այժմ շէնքը որպէս համալսարան օգտագործելու համար դիմում կատարուած է։ Համալսարանը ուսուցում պիտի տրամադրէ երեք լեզուով՝ անգլերէն, թրքերէն եւ յունարէն։ Կը նախատեսուի համալսարանին մէջ բանալ բժշկութեան, գիտութեան, գրականութեան, իրաւագիտութեան եւ ճարտարապետութեան ճիւղեր։
Յունաց Պարթոլոմէոս պատրիարքը ողջունած է այս ծրագիրը։ «Հակառակ մեր դիմաց ցցուած բոլոր արգելքներուն, այս ձեռնարկին միջամուխ եղողները պէտք է քաջալերենք», ըսած է պատրիարքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.