ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ 12 Սեպտեմբերին պիտի սկսի Երեւանեան 8րդ միջազգային երաժշտական փառատօնը, որով Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը նաեւ բացումը պիտի կատարէ 2014-15ի համերգաշրջանին:
Փառատօնի անդրանիկ համերգին Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ հանդէս պիտի գայ աշխարհահռչակ դաշնակահար Քիրիլ Կերշթայնը: Ծրագիրին մէջ ներառուած են Մուսորքսկիի, Ռախմանինովի եւ Ռիմսքի-Քորսաքովի ստեղծագործութիւնները:
«Վաղուայ համերգը շատ լաւ համերգ պիտի լինի», 11 Սեպտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեանը: «Իտալիայի հիւրախաղերից յետոյ առաջին անգամ մենք համերգ ունենք մեր դահլիճում»:
Քիրիլ Կերշթեյն, որ այս փառատօնի ծիրին մէջ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Երեւան կը գտ-նուի, յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ իրեն նկատմամբ այնքան ջերմու հիւրընկալ են, որինքզինք տան մէջ կը զգայ. «Դեռ անցեալ տարի Հայաստանի ֆիլհարմոնիկին հետ առաջին իսկ փորձերէն որոշեցի շարունակել համագործակցութիւնս: Եւ ահա կրկին այստեղ եմ»:
Երեւանեան 8րդ միջազգային փառատօնը, որ հայ երաժշտասէրներուն պիտի ներկայացնէ հայ եւ արտասահմանցի լաւագոյն երաժիշտները, պիտի տեւէ մինչեւ 2 Հոկտեմբեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.