
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».– «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ը աւելի քան 34 միլիոն դրամ յատկացուցած է՝ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիոյ (ԵԿՏԱ) «Կապի միջոցների միկրօէլեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնին մէջ կրթական ժամանակակից չորրորդ տարրալուծարանը ստեղծելու նպատակով։
Տարրալուծարանի բացումը կատարուած է 11 Սեպտեմբերին, Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան ընկերութեան, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան եւ ԵԿՏԱի համագործակցութեան ծիրին մէջ: Երեք տարուան ընթացքին «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի օժանդակութեամբ ստեղծուած է ուսումնական չորս տարրալուծարան, որոնց համար ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ յատկացուցած է շուրջ 108 միլիոն դրամ: Իր հերթին, «Սինոփսիս Արմէնիա»ն ԵԿՏԱին անվճար տրամադրած է ելեկտրոնային ինքնաշխատ նախագծման՝ «Սինոփսիս»ի համապարփակ, իրենց ոլորտին մէջ առաջատար ելեկտրոնային նախագծման համալսարանական ծրագրային փաթեթներ:
«Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի ներդրած նիւթական աջակցութեան շնորհիւ լսարանային տարածքը պիտի համապատասխանեցուի արդի ուսումնական պահանջներուն եւ չափանիշերուն, անիկա պիտի ապահովուի համակարգչային սարքերով: Պիտի յատկացուին նաեւ ամպիոնի մասնագէտ դասախօսական կազմի աշխատավարձն ու հաւասարեցուած այլ վճարումները։