Չորս տարիէ ի վեր կը գործէ Արցախ ռութց ինվեսթմընթցը (ԱՌԻ), որուն շուրջ համախմբուած են լիբանանահայ 150 գործարարներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ: ԱՌԻն ոչ թէ բարեսիրական, այլ գործարար ծրագիր է, որ արտօնեալ պայմաններով Արցախի մէջ փոքր վարկեր ստանալու կարելիութիւն կու տայ: Ներդրողները, կառավարութեան երաշխաւորութեամբ, իրենց հաւաքագրած գումարները կը տրամադրեն Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամին՝ տարեկան 9 տոկոս դրոյքաչափով:
Հիմնադրամը ստանձնած է 3 տոկոսի վճարումը եւ 5 տարի ժամկէտով 1-1.5 միլիոն դրամի վարկերը շահառուներուն կը տրամադրէ աւելի դիւրին պայմաններով: Մատչելի պայմաններով վարկաւորում կը կատարուի Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջանին մէջ, եւ ցարդ անկէ օգտուած է 776 ընտանիք:
ԱՌԻն նաեւ նախաձեռնած է բնակարանաշինութեան գործընթացին: Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան եւ Արցախի Ներդրումային հիմնադրամին հետ կնքուած եռակողմ պայմանագիրին համաձայն՝ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գետի ափին կը կառուցուի բնակելի թաղամաս՝ իր ենթակառուցուածքներով: Նախատեսուած 150 բնակելի տուներէն 50ը արդէն իսկ կառուցուած է:
13 Սեպտեմբերին Արցախ ռութց ինվեսթմընթցի գործարարներու խումբ մը Լիբանանէն պիտի այցելէ Արցախ։ Այցելութեան ընթացքին գործարարները հանդիպումներ պիտի ունենան նախագահին եւ վարչապետին հետ: Անոնք նաեւ պիտի այցելեն Կովսական քաղաք եւ Աղաւնօ շրջան, հանդիպումներ պիտի ունենան բաժնետէրերուն եւ ԱՌԻի տրամադրած վարկերէն օգտուող վերաբնակիչներուն հետ, որպէսզի անոնք տեսնեն, թէ իրենց ներդրումները ինչպէս նպաստած են գիւղատնտեսութեան զարգացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.