ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ամէն տարի Հայաստանի մէջ մօտ 1500-2000 աղջկայ ծնունդը կը կասեցուի տակաւին սաղմային վիճակի մէջ, այսպիսով Հայաստան տարեկան դրութեամբ կը կորսնցնէ շուրջ 2000 ապագայ մայր, իսկ տղայ երեխաներուն նախապատուութիւնը վեց անգամ աւելի է: Այս տուեալները 12 Սեպտեմբերին փոխանցած է ՄԱԿի բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան՝ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած «Ընտանիք, հասարակութիւն եւ եկեղեցի. Ժամանակակից մարտահրաւէրներ» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին ներկայացնելով իրենց ուսումնասիրութիւնը:
«Առաջին հետազօտութիւնը կատարեցինք 2011 թ.ին: Երկրորդ հետազօտութեամբ փորձեցինք պարզել, թէ ինչ հետեւանք է ունենալու Հայաստանի ժողովրդագրութեան վրայ, եւ պարզ դարձաւ, որ Հայաստանում սեռերի յարաբերակցութիւնը խախտուել է 1991 թուականից ի վեր», յայտնած է ան՝ շեշտելով, որ եթէ շարունակուեն նոյն տեմպերը, մինչեւ 2060 թուականը Հայաստանը կը կորցնի 93,000 կին:
Գրասենեակի տնօրէնը նշած է, որ պատճառները տարբեր են. տղաները կը գերադասուին, հասանելի են սեռը նախապէս գիտնալու եղանակները, եւ զոյգերը կը նախընտրեն քիչ երեխայ ունենալ:
«Սեռերի յարաբերակցութիւնը նաեւ կախուած է նրանից, թէ նորածինն ընտանիքում որերորդ երեխան է: Օրինակ՝ երկրորդ եւ երրորդ երեխայի դէպքում 160 տղայ է ծնւում 100 աղջկայ համեմատ, իսկ այս թիւն ամբողջ աշխարհում ամենաբարձր ցուցանիշն է», յայտնած է ան եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի մէջ եթէ նախապէս սեռով պայմանաւորուած յղիութիւնը կ՛ընդհատուէր երկրորդ եւ երրորդ երեխայի պարագային, այսօր լուրջ խնդիր է արդէն առաջին եւ երկրորդ երեխայի պարագային կատարուած այդ արարքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.