
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 12 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ կառավարման գործող համակարգը՝ թէ՛ իր բովանդակային, եւ թէ գործառնական առումով խնդիրները կը լուծէ ի շահ Հանրապետական կուսակցութեան:
Ան յայտնեց, որ համոզուած է, թէ գործող համակարգը ոչ ոքի կը բաւարարէ. «Երբ հանրապետութեան նախագահն ու մեծամասնութիւնը նոյն թիմից են, ուստի՝ նախագահական համակա՞րգ է, թէ գերնախագահական համակարգ՝ որոշումները կայացւում են դարձեալ Մելիք-Ադամեանում», հաստատեց Վարդանեան:
Ըստ պատգամաւորին՝ սահմանադրական բարեփոխումները պէտք է իսկապէս դնեն համակարգային խնդիրներ, որոնք կ՛առնչուին պետութեան բովանդակութեան, որովհետեւ պետութիւնը եւ անկախ պետականութիւնը, ի վերջոյ, միայն ձեւ չեն եւ միայն արտաքին բնորոշիչներ չեն, այլ պէտք է ունենան շատ խոր, ժողովուրդին հոգեւոր-մշակութային փորձառութենէն բխող բովանդակութիւն: «Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ մեր պատկերացրած փոփոխութիւնների պարագայում նուազելու է իշխանութեան՝ վերարտադրուելու հնարաւորութիւնը՝ ապակենտրոնացնելով իշխանութիւնը եւ որոշումների կայացումը դարձնելով աւելի թափանցիկ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան՝ աւելցնելով. «Եթէ մեխանիզմները ճիշդ ձեւով ներդրուեն, ապա համակարգը կը նուազեցնի անձերի դերակատարումը՝ յանգեցնելով դրական փոփոխութիւնների»:
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ քառեակի միւս երեք ուժերուն հետ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ ՀՅԴի տարաձայնութիւնները արդեօք կը սառեցնե՞ն քառեակին անդամակցութիւնը, եւ արդեօք ատիկա չի՞ նշանակեր ՀՅԴի համագործակցութիւն իշխանութիւններուն հետ՝ Աղուան Վարդանեան նշած է, թէ կայ ձեւակերպումները ճշդելու եւ յստակացնելու խնդիր, որովհետեւ, սահմանադրական բարեփոխումներուն գծով Դաշնակցութիւնը իշխանութիւններուն հետ համագործակցելու խնդիր չունի, Դաշնակցութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններուն կապուած ունի իր պատկերացումները, որոնք նոր չեն:
Աղուան Վարդանեանի համաձայն՝ քիչ ժամանակ մնացած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգի վերջնական մշակման: «Մենք ասում ենք, որ այն ուժերին, որոնք կողմ են համակարգի փոփոխութեանը՝ եկէք, միասին մշակենք, համաձայնեցնենք մեր փաթեթը եւ առաջարկենք: Եթէ մենք միասին կազմենք այդ փաթեթը, կարծում եմ՝ աւելի ուժեղ կը լինեն մեր դիրքերը: Անիմաստ է՝ չգնալ սահմանադրական փոփոխութիւններին, եթէ մենք դրան կողմ ենք: Հակուած եմ մտածելու, որ քառեակի որոշ ուժեր, ՀԱԿին հանենք, որովհետեւ ՀԱԿը խորհրդարանական համակարգին է սկզբունքօրէն դէմ, եւ այս առումով մեր տարաձայնութիւններն ակնյայտ են, միւսների հետ կապուած՝ օրինակ՝ երէկ Գագիկ Ծառուկեանն իր հարցազրոյցում ասաց բոլորովին նոր բան, քան ԲՀԿ խմբակցութիւնը, որ՝ քանի դեռ չի տեսել հայեցակարգը, ի՞նչ խօսի: Ես նման բան չէի լսել ԲՀԿից: Մեր ասածը դրա շարունակութիւնն է՝ ի՞նչն է խանգարում պատկերացնել քո առաջարկութիւնների փաթեթը եւ դնել թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ իշխանութեան սեղանին: Դա աւելի պրագմատիկ մօտեցում է», յայտնած է պատգամաւորը՝ աւելցնելով, որ քառեակի որոշ ուժերու տեսակէտները մօտ են ՀՅԴի տեսակէտներուն, իսկ «Ժառանգութիւն»ը տակաւին պիտի քննարկէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը: