
Իսկապէս Երկուշաբթի, Օգոստոս 18ի առաւօտուն, ոչ միայն հայ մանուկներ ու պատանիներ, այլ նաեւ հայրեր ու մայրեր՝ «ուրախ ու ժպտագին», եկած էին Մերտինեան վարժարան։
Ճիշդ ժամը ութին հնչեց տարուան առաջին դպրոցական զանգը, եւ դասարան առ դասարան, Ծաղիկէն մինչեւ Ը. կարգերու աշակերտները, իրենց դաստիարակ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ եւ հետեւողութեամբը ծնողներուն՝ ուղղուեցան դէպի վարժարանի ամբողջովին վերանորոգուած սրահը, ուր տեղի ունեցաւ 2014-2015 տարեշրջանի վերամուտի բացման հանդիսութիւնը։ Ծնողներու դէմքերը կը ճառագայթէին ժպիտով եւ հպարտութեամբ։ Ոմանք յուզուած էին, իրենց հոգեհատորներէն պիտի բաժնուէին… քանի մը ժամով… մինչդեռ աշակերտները կ՛եռային իրենց աթոռներուն վրայ նստած, անհամբեր՝ լսելու քովինի ամառնային արձակուրդին մասին։
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, վեր. Արա Չագըրեան առաջնորդեց տարուան առաջին պաշտամունքի պահը եւ տուաւ իր պատգամը։ Ան Աստուածաշունչի մէջբերումներով հիմնաւորեց իր խօսքը՝ թելադրելով բոլորին «նոր» միտքերով, մտածելակերպով եւ մանաւանդ ամենայն կամեցողութեամբ սկսիլ «նոր» տարեշրջանը, որպէսզի հաստատուն քայլերով յառաջանան իրենց դիմաց բացուած ուղիէն։
Պատուելիէն ետք բեմ բարձրացաւ Լենա Էքմէքճեան՝ վարժարանի Կրօնի բաժանմունքի պատասխանատուն, որ 23րդ սաղմոսը արտասանել տուաւ աշակերտներուն եւ առաջնորդեց զանոնք Տէրը փառաբանող երգեր կատարելու, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ալիս Տէր Գէորգեանի, որ երաժշտութեան նոր ուսուցչուհին է։
Ապա ելոյթ ունեցաւ վարժարանի կենսունակ տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, փառք տուաւ Աստուծոյ՝ «Մերտինեան»ին ուսումնական նոր տարի մը եւս շնորհելուն համար, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի պատկան մարմիններուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայած են հաստատութիւնը ամուր հիմերու վրայ պահելու եւ անոր հեզասահ ընթացքը ապահովելու համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ամառնային դպրոց եկող աշակերտներուն, ծնողաց եւ մանաւանդ ուսուցիչներուն, որոնք լրիւ 5 շաբաթներ ապրեցան կենսուրախ եւ դաստիարակիչ մթնոլորտի մը մէջ։
Տնօրէնուհի Արսլանեան մատնանշեց յատկապէս, որ նոր տարեշրջանը կը սկսինք ուրախալի երեւոյթով մը։ Վարժարանիս նախամանկապարտէզը՝ պետական արտօնագիրով, մինչեւ հիմա կրնար ընդունիլ միայն 36 աշակերտ, սակայն շնորհիւ աւելցուած դասարանի մը եւ կատարուած բարենորոգումներուն, այժմ արտօնութիւն ստացած է ընդունելու 48 աշակերտ եւ շուտով այդ թիւը պիտի բարձրանայ 57ի։
Տնօրէնուհին նաեւ թելադրեց բոլորին ներկայ գտնուիլ եւ մասնակցիլ տարուան առաջին ծնողական ժողովին, որ պիտի ընտրէ ծնողաուսուցչական կազմի նոր վարչութիւն։
Հուսկ ապա, ան ներկայացուց այս տարեշրջանի ուսուցչակազմի եւ պաշտօնէութեան իւրաքանչիւր անդամը եւ բոլորին մաղթեց բարի եւ արդիւնաւէտ տարի մը։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վեր. Չագըրեանի օրհնութեան աղօթքով եւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ, որմէ ետք աշակերտները անցան իրենց դասարանները։
Իսկ «Մերտինեան»ի նախամանկապարտէզի վերամուտը տեղի ունեցաւ նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 10ին։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Լենա Էքմէքճեանի աղօթքով, որմէ ետք խօսք առաւ տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանը. ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ներկաները տեղեկացուց նախամանկապարտէզի պետական նոր արտօնագիրին մասին։ Ապա ան շեշտեց նախամանկապարտէզին կարեւորութիւնը «կակուղ թաթիկներ»ու կեանքին մէջ. անոնք հոն կը ստանան անսահման սէր ու գորով, կը սորվին լսել, խօսիլ, երգել ու պարել՝ դրական եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Տնօրէնուհին պաշտօնապէս ներկայացուց նախամանկապարտէզի նորանշանակ պատասխանատու Մարիժան Գէորգեանը, «որուն երկար տարիներու փորձառութիւնն ու հմտութիւնը մեծապէս պիտի նպաստեն այս հաստատութեան յաջող ընթացքին», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Մարիժան Գէորգեան ողջունեց ներկաները, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Աստուծոյ՝ իրեն վստահուած այս պաշտօնին համար, որ նոր առիթ մը պիտի ընծայէ իրեն՝ ուղղելու հայ մանուկի առաջին քայլերը։ Ապա ներկայացուց նախամանկապարտէզի անձնակազմը։
Հանդիսութեան աւարտին, ծնողներ, իրենց զաւակներուն հետ, այցելեցին նախամանկապարտէզի դասարանները, ծանօթանալու համար աշակերտներու առօրեայ միջավայրին եւ օրէնքներուն։
«Ամէն գործի յաջողութեան կէսը զայն սկսելուն մէջ կը կայանայ», կ՛ըսէ ժողովրդային ասացուածքը։ Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարանը նոր տարի մը սկսաւ՝ զայն յաջողութեամբ աւարտելու տեսլականով։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)