
ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Սահակ—Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի 35րդ վերամուտը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 14ին։ Ակներեւ էր ներկայութիւնը մեծ թիւով ծնողներու, որոնք իրենց զաւակներուն հետ ուրախ տրամադրութեամբ լեցուցած էին դպրոցիս շրջափակը։
Աշակերտներ իրենց ընկերներուն հետ սիրալիր կը զրուցէին իրենց ամառնային արձակուրդին մասին։ Զգալի էր իրենց աչքերուն փայլքէն՝ դպրոցին կարօտը։ Կարծես յոգնած էին արձակուրդէն եւ դարձեալ կ՛ուզէին դպրոց յաճախել, աշխատիլ եւ նոր գիտութիւն ամբարել։
Ահաւասիկ հնչեց դպրոցական առաջին զանգը։ Աշակերտներ շարուեցան դասարանային շարքով՝ մանկապարտէզէն մենչեւ 8րդ դասարան, դիմաւորելու իրենց ուսուցիչները։
Դպրոցիս տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան ողջունեց աշակերտութիւնը, ծնողները, հոգաբարձուները, ուսուցիչները եւ դպրոցիս բարեկամները։ Ան բարեգալուստ մաղթեց եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ դպրոցս աշխոյժ մթնոլորտի մէջ վերագտած է իր նախկին տարիներու աշակերտութեան թիւը, ինչ որ ոգեւորիչ եւ խրախուսիչ է բոլորիս համար՝ փառք տալով, որ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, դպրոցը կանգուն մնացած է 35 բեղուն տարիներ։ Ան վստահեցուց նաեւ, որ վարժարանը նոյն թափով պիտի շարունակէ գոյատեւել, դաստիարակելու համար նոր սերունդներ։
Առաջին առիթով, Սոնա Պատալեան ներկաները առաջնորդեց Ամերիկեան եւ Հայկական ուխտերը կատարելու, ապա կատարուեցաւ «Հայր Մեր»ը եւ երգուեցաւ հայկական քայլերգը, որմէ ետք Լուսի Ապաճեանի առաջնորդութեամբ՝ բոլորը երգեցին «Օրնհէ Տէր»ը։
Վեր. Վաչէ Էքմէքճեանի աղօթքով բացուած յայտարարուեցաւ 2014-2015 դպրոցական տարեշրջանի վերամուտը՝ հաւատալով, որ Սահակ—Մեսրոպ վարժարանի աշակերտութիւնը պիտի ստանայ բարձր ուսում եւ հայեցի ու կրօնական դաստիարակութիւն։
Հոգաբարձութեան թարգմանը հանդիսացաւ Վահագ Ակօճեան, որ, իր կարգին, ուրախութեամբ դիմաւորեց ներկաները եւ յայտնեց հոգաբարձական կազմին պատրաստակամութիւնը՝ միշտ բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակելու մեր սիրասուն փոքրիկներուն, որպէս մեր ապագայի առաջնորդները եւ տիպար հայ քրիստոնեաները։
Վերամուտի բացման արարողութեան փակումը կատարեց Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց իր ներկայութեան համար եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ զոհողութիւն ստանձնած ծնողներուն։ «Պահպանի»չով աւարտեցաւ այս բաժինը։
Ապա, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ եւ ամենայն կարգապահութեամբ տեղաւորուեցան իրենց դասարանները, դիմաւորելու նոր ուսումնական տարեշրջան մը՝ նոր յոյսերով եւ երազներով, հասնելու համար լաւագոյնին եւ զարգացնելու համար իրենց միտքերն ու հոգիները «Սահակ—Մեսրոպ»ի հովանիին ներքեւ, դառնալու հպարտ հայորդիներ ու ծառայելու իրենց ազգին, եկեղեցիին եւ հայրենիքին։