
Ռուսական LifeNews հեռտեսիլի կայանի գլխաւոր գործադիր տնօրէն դարձաւ կայանի սեփականատէր Արամ Գաբրիէլեանովը: Այս մասին կը յայտնէ «Նիուզ Միտիա»ի (News Media) հաղորդագրութիւնը, որ կը պատկանի հեռտեսիլի կայանին:
Սոյն պաշտօնին մէջ Գաբրիէլեանովը պիտի փոխարինէ իր որդիին՝ Աշոտ Գաբրիէլեանովին, որ վերջերս յայտնած էր այդ պաշտօնը լքելու եւ իր նախագիծով զբաղուելու մասին: